Հինգշաբթի, 30 Օգոստոս 2012 - Հայ կաթողիկէ պատրիարքական գերագոյն խորհուրդի հաղորդագրութիւն


Պէյրութ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքական գերագոյն խորհուրդը իր նիստը գումարեց պատրիարքարանին մէջ, Ժէյթաուի, չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2012-ին։ Ժողովականները յատկապէս քննարկեցին Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութիւնը, 14-էն 16 սեպտեմբեր 2012։ 

Ժողովականները շեշտեցին այս պատմական այցելութեան կարեւորութեան վրայ, եւ անոր ազդեցութեան մէկ կողմէն՝ ազգային համերաշխութեան ամրապնդման համար, եւ միւս կողմէն՝ քրիստոնեայ ներկայութեան Միջին Արեւելքի մէջ, մեկնելով քրիստոնեայ իսլամ համակեցութենէն Լիբանանի մէջ։

Ժողովականները յոյս յայտնեցին, որ այս այցելութիւնը իր դրոշմը ունենայ ի սպաս խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ այս դժուար օրերուն։  

Այս առթիւ, խորհուրդը կոչ կ’ուղղէ համայնքի զաւակներուն աղօթելու սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան եւ անոր բարեդէպ այցելութեան համար, զանոնք հրաւիրելով մասնակցելու այս այցելութեան բոլոր միջոցառումներուն, մանաւանդ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, զոր պիտի մատուցանէ սրբազան Պապը Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ, մասնակցութեամբ կաթողիկէ համայնքապետերուն։ 

Վերջապէս, խորհուրդը կը յայտնէ անհրաժեշտ յանձնառութիւնը յաջորդ Առաքելական Յորդորին նկատմամբ, որպէսզի ան ըլլայ փարոսը, որ կ’առաջնորդէ լիբանանցիները եւ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ