Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2011 - Ամեն. հոգեւոր տէրը կը շնորհաւորէ Ալրաաի նորընտրեալ պատրիարքը

 
Պքերքէ

Հինգշաբթի 17 մարտ 2011, առաւօտեան ժամը 10-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մեծ պատուիրակութեամբ մը այցելեց մարոնիթ պատրիարքարան՝ Պքերքէ, շնորհաւորելու համար մարոնիթ նորընտիր պատրիարքը՝ Մար Պշարա Պութրոս Րաաին, որ նախապէս Լիբանանի Ժպէյլի թեմի մարոնիթ համայնքի առաջնորդն էր:

Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերակցէին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ արհիապատիւ հայր Վարդան եպս Աշգարեան, արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս Թէյրուզեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան, մեթր Ժագ Ճուխատարեան եւ այլ մտաւորական անձնաւորութիւններ, ժողովրդապետներ քահանաներ եւ հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան ներկայացուցիչներ։

 

Հանդիպման ընթացքին, մարոնիթ նորընտիր պատրիարք Րաաի ողջունեց Հոգեւոր տէրը ու շքեղախումբը, եւ խնդրեց որ միասին օրհնեն ներկայ բազմութիւնը: Իր կարգին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց եւ իր ջերմագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նորընտիր պատրիարքին եւ մարոնիթ Եկեղեցւոյ, որ սերտ ու պատմական յարաբերութիւններ ունեցած է հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ 18-րդ դարէն սկսեալ։ Այս առթիւ, ան յոյս յատնեց, թէ այս ընտրութիւնը, որ պատմական եղելութիւն մըն է, նպաստէ համայն Եկեղեցւոյ վերելքին եւ հաւատքի վերանորոգման։    

 

Այցելութեան աւարտին, ան ըսաւ. «Ձեր գահակալութեան առթիւ Անտիոքի պատրիարքական աթոռին, ձեզի կը յայտնենք մեր եղբայրական սիրոյ վսեմագոյն զգացումները աղօթելով առ Բարի Հովիւը, որ զօրավիգ ըլլայ ձեզի, ուղղելու համար ձեզի յանձնուած հօտը, որպէսզի լոյս, աղ եւ թթխմորն ըլլան մեր սիրելի Լիբանանի ընկերութեան եւ անոր զաւակները ապրին խաղաղութեամբ, բարգաւաճութեամբ եւ սիրով: Ըլլա՛ք Լիբանանի բարի հովիւը եւ բոլորին հայրը»:    

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ