Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2012 - Հ. Կ. Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիք Տուպայի մէջ


Պուրճ Համուտ

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռոթանա» պանդոկի «Ռաշիտիյա» շքեղ հիւրասրահին մէջ, «Մեսրոպեան` կրթութեան արժանավայել կառոյցը» կարգախօս-պաստառին ներքեւ, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիքը, ներկայութեամբ 330 հրաւիրեալներու, որոնց շարքին էին Տուպայի հայ գաղութի գործօն դէմքեր, Տուպայի տեղական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Տուպայի Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներ։

Ընթրիքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Վարուժ Ներկիզեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ բնութագրեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցութիւնը կրթութեան զարգացման եւ տարածման նպաստող մարդկային քայլ է: Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութիւնը ծանօթացնելէ ետք, պարոն Ներկիզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց նիւթական նուիրատուութիւններով եւ ներկայութեամբ բերին իրենց օգտաշատ եւ կարեւոր ներդրումը:

Պրն. Վարուժ Ներկիզեանի խօսքին յաջորդեց Մեսրոպեանի նախկին տնօրէն՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանին պատգամը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Բարձրեալին, որ շնորհած էր այս թանկարժէք պահը` «Արաբական Ծոցի մեր բարեկամներուն հետ հիւրընկալ, առատաձեռն այս հողին վրայ միասնաբար տօնակատարելու սիրոյ, առատաձեռնութեան, նուիրատուութեան առիթները»։ Այնուհետեւ հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Վարուժ Ներկիզեանին, որ այս առիթը ստեղծած էր։

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ կրթութիւնը համամարդկային զարգացման գրաւականն է։ Ան աւելցուց, որ քաղաքակիրթ սերունդները միայն կրնան ապահովել աշխարհին խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ գործակցութիւն։ Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ. «Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական անապահով եւ տնտեսական ու ընկերային վատառողջ  պայմաններուն մէջ ծանր աշխատանք է դպրոց պահելը։ Այս բոլոր իրադարձութիւններուն դէմ յանդիման, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլ՝ մնայուն կերպով ինքնանորոգումի, ինքնազարգացումի, ինքնակազմակերպումի եւ ինքնարժեւորումի մէջ է»։
Պրն.Կրէկուար Գալուստ հաստատեց, որ այս բոլորը կ՚իրականան շնորհիւ վարժարանի բարերարներուն, որոնց մէջ իր յատուկ եւ կարեւոր տեղն ու արժէքը ունի պրն. Վարուժ Ներկիզեանը։ Մեսրոպեանի տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Նիրվա Ներկիզեանին եւ պրն. Սեդրակ Մեչէճեանին, որոնք բծախնդրօրէն կազմակերպած էին ընթրիքը։ Պատգամներէն ետք, բեմ բարձրացաւ Անգլիայէն յատուկ հրաւէրով Տուպայ Ժամանած արուեստագէտ մենակատար Գեւ Օրգեան, որ շուրջ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Նշեալ բարեսիրական ընթրիքը իր բնոյթով, տարողութեամբ, աշխարհագրական դիրքով եւ նուիրատուութիւններով 73-ամեայ վարժարանի պատմութեան մէջ արձանագրեց նոր եւ փառապանծ էջ մը, որ հիմք պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ նուաճումներուն, եւ որ ապացոյցն է շրջապատին մէջ Մեսրոպեանին նկատմամբ ստեղծուած վստահութեան: Լիբանանէն դուրս Մեսրոպեանի բարեկամներու մեծ տարողութեամբ նեցուկը խթանիչ եւ պարտաւորեցնող ուժ է` յաւելեալ թափով շարունակելու գործունէութիւնը եւ կատարելագործելու աշխատանքները:
Վարձքը կատար եւ շնորհակալութիւն Մեսրոպեան ընտանիքի հարազատ բոլոր բարեկամ-նուիրատուներուն։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ