Վատիկան
Սիւնհոդոսական հայրերու նայուածքը, որպէս եկեղեցականներ եւ հովիւներ, ուղղուեցաւ դէպի Սուրիոյ ընդհարումներու զոհ բնակչութեան. անոնք խաղաղութեան ի խնդիր միաձայն կոչ մը ուղղեցին երեքշաբթի 9 հոկտեմբերի աշխատանքներու սկիզբը, մտաբերելով գաղթականներու եւ տարապողներու հրատապ հարցը։
Աշխատանքային երկրորդ օրուայ օրակարգը կը նախատեսէր ընդհանուր բանավէճի շարունակութիւնը որուն ընթացքին միջամտութիւնները կեդրոնացան սիւնհոդոսական ընդհանուր նիւթին որ է նոր աւետարանացումը։ Զեկոյցներու ընթացքին արծարծուող հարցերէն նշենք, առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններու կեանքի օրինակին վրայ հիմնուելու անհրաժեշտութիւնը, նոր կորով ու խանդավառութիւն գտնելու կարիքը ու եկեղեցւոյ խղճի քննութիւն կատարելը։
Իսկ չորեքշաբթի առաւօտեան նիստերու ընթացքին կատարուեցաւ լեզուական խմբակներու զեկուցողներու ընտրութիւնները, ապա տեղի ունեցան բանավէճէն առաջ տեղեկագրի մասին ելոյթներ. իսկ յետմիջօրէի նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ, Գանթէրպուրրիի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Րոան Ուիլիամսը, որ կը ներկայացնէ նոր աւետարանացումը Անկլիքան Եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=628509