Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2009 - 17րդ Համաշխարհային Հիւանդի Օր

 
 
Վատիկան, Հռոմ

11 Փետրուարին 17-րդ Համաշխարհային Հիւանդի Օրն է, որ կը զուգադիպի Լուրտի Տիրամօր տօնին: Այս առիթով Բենեդիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայպետը իր գրաւոր պատգամին մէջ բոլորին ուշադրութիւնը կ’ուղղէ մանուկներուն, որոնք ամենանուրբ եւ անպաշտպան էակներն են մարդկութեան մէջ, յատկապէս հիւանդ եւ տառապեալ մանուկները: Իսկ այն մանուկները, որոնք վիրաւորուած են թէ հոգւով եւ թէ  մարմնով, անմեղ զոհերն են պայքարներու եւ պատերազմներու, որ արդիւնքն են մեծերու ատելութեան: Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ թէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այսպիսի ողբերգական երեւոյթներու առաջ, որովհետեւ «Եկեղեցին Աստուծոյ ընտանիքն է աշխարհի մէջ եւ պէտք է հոգայ իր բոլոր անդամներուն յատկապէս հիւանդ եւ տառապող մանուկներուն»:
Սրբազան Քահանայապետը կ’ողջագուրէ հայրական զգացումներով բոլոր մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին եւ կը խոստանայ աղօթել բոլորին համար:     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ