Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2014 - Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումին
Վատիկան
Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին (21-25 յունուար 2014) բացման առիթով, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 21 յունուար 2014-ին, Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ֆորումի մասնակիցներուն յղած է պատգամ մը, ուր կ՚անդրադառնայ մարդու արժանապատուութեան, տնտեսութեան ծառայեցման ընդհանուր բարիքին, աղքատութեան դէմ պայքարին եւ գաղթականներու օժանդակութեան հիմնահարցին: Արդարութեան եւ խաղաղութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Փիթեր Թիւրքսոն, որ կը մասնակցի Տաւոսի ֆորումին, պիտի փոխանցէ Սրբազան Հօր պատգամը:
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ «բոլորին կողմէ՝ վերանորոգուած, խոր եւ կարեւոր պատասխանատուութեան մը գիտակցութեան» անհրաժեշտութիւնը, «ազդու կերպով ծառայելու համար հասարակաց բարիքին եւ այս աշխարհին բարիքները մատչելի դարձնելու համար բոլորին»։ Կրկնելով Բենեդիկտոս ԺԶ.ին խօսքերը, Ան մասնաւորաբար կը յիշեցնէ թէ մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը միայն տնտեսական պէտք չէ ըլլայ, այլ հիմնուի «անհատի գերազանց տեսլականի մը» վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք ձգել հարստութիւններու աւելի լաւ բաշխում մը, աշխատանքի աղբիւրներու ստեղծումը եւ աղքատներու ամբողջական բարօրութիւն մը՝ որ միայն օգնութեան մտայնութենէ մը աւելին ըլլայ»: «Հետեւաբար, Տաւոսի Ֆորումին մասնակիցները կոչուած են, կ'աւելցնէ Սրբազան Հայրը, ամէն ջանք թափելու որպէսզի հարստութիւնը կարենայ ծառայել մարդկութեան, զայն կառավարելու փոխարէն, եւ ասիկա՝ մեծապէս պարկեշտ եւ ամբասիր մարդոց կողմէ ցուցաբերուած ճշմարտապէս մարդկային մօտեցումով մը: Մարդիկ՝ որոնք ներշնչուած ըլլան հաւասարութեան, առատաձեռնութեան եւ մարդկային ընտանիքի իրական զարգացման պաշտպանութեան վսեմ իտէալներէն»:
|