Չորեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2008 - «Ովասիս 2008»ի Աւարտական Հանդէս

Լիբանան

 
Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի կողմէն 1999 թուականին հիմնած «Ովասիս» ամառնային մանկապատանեկան ծրագիրը այս տարի բոլորեց իր 10-ամեակը: Ուրբաթ, 29 Օգոստոս
 
2008-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին մեկնարկեց ծրագրի այս ամառուան եզրափակիչ հանդէսը, ներկայութեամբ վարժարանի պատասխանատուներու, հրաւիրեալ հիւրերու եւ ծրագրին մասնակցած մանուկներու ծնողներու, բարեկամներու:
Յայտագրի հանդիսավարները՝  Վարդան Ազնաւուրեանը եւ Սերժ Հաննան Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներու ոտնկայս ունկնդրութենէն յետոյ բեմ հրաւիրեցին «Ովասիս»ի պատասխանատու Տիկ. Գարոլին Թերզեանը, փոխանցելու համար իր խօսքը: Տիկ. Գարոլին Թերզեան յայտնեց իր մեծ ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը «Ովասիս»ի տաս տարիներու ընթացքին արձանագրած նուաճումներուն առիթով: Յատկապէս աշակերտութեան զգալի աճը նկատի ունենալով, ան վստահեցուց, որ այս ծրագիրը յաջողած է իր նպատակին մէջ, դառնալով Լիբանանի լաւագոյն ամառնային դպրոցներէն մին, ուր ստեղծուած են բոլոր պայմանները փոքրերուն հաճելի, ուրախ, օգտակար ժամանցի համար:
Տիկ. Թերզեանի խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագրի գործադրութիւնը, որուն կը մասնակցէին «Ովասիս»ի բոլոր դասարանները, որոնք, ի դէպ, կոչուած էին հայկական պատմական տեղանուններով, ինչպէս Դուին, Մուշ, Սասուն, Արցախ, Կիլիկիա, Սարդարապատ, Մարաշ, Երեւան, նաեւ մեր սիգապանծ լեռներուն եւ մայր գետին անուններով՝ Սիփան, Արագած եւ Արաքս:
Բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան հայկական, արաբական եւ եւրոպական գեղեցիկ պարերով, որոնք անոնց սորվեցուցած էր «Ովասիս»ի պարուսոյց Օրդ. Գայեանէ Մածունեանը: Իսկ քոնկ ‎ֆուի ճկուն ցուցադրութիւնը պատրաստած էր անոնց մարզիչը՝ Լիբանանի արաբական երկիրներու քոնկ ֆուի մրցաշարերու ախոյեան Յարութ Վարդանեան:
Ովասիսականները նաեւ երգեցին քանի մը երգեր, նուիրուած «Ովասիս»ին, որոնց խօսքերն ու երաժշտութիւնը կը պատկանին «Ովասիս»ի երգ ու երաժշտութեան ուսուցիչ  Մանուէլ Քէշիշեանին:
 
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին խօսքը տրուեցաւ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստին, որ մատուցեց գեղեցիկ անակնկալ մը ներկաներուն: Պր. Գալուստ եւ Տիկ.
 
Թերզեան միասնաբար յուշանուէր մը յանձնեցին «Ովասիս»ի տաս տարիներու հաւատարիմ աշակերտուհի՝ Ռիթա Ումուտեանին, որ եկող տարուընէ այլեւս չի կրնար մասնակցիլ այս ծրագրին, նկատի ունենալով, որ ծրագիրը մինչեւ 14 տարեկան պատանիներուն համար է:
Այնուհետեւ ներկաները պաստառի վրայ հետեւեցան «Ովասիս»ի 10-ամեակին նուիրուած տեսանիւթի ցուցադրութեան, որմէ յետոյ Պր.  Գալուստ հանդէս եկան փակման խօսքով, որուն մէջ հաստատեց, որ այս ծրագիրը ամառնային արձակուրդի յայտագիր ըլլալէն վերածուած է դաստիարակչական ծրագիրի մը: Իր խօսքին մէջ պարոն տնօրէնը յայտնեց իր երախտագիտութիւնը յատկապէս ծնողներուն, որ վստահած էին իրենց հոգեհատորները այս հաստատութեան: Պր. Գալուստ նաեւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց «Ովասիս»ի անձնակազմի բոլոր անդամներուն, որ եռանդով ու նուիրուածութեամբ աշխատեցան, յաջողցնելու համար այս ծրագիրը:
Իր խօսքի աւարտին Պր. Գալուստ բեմ հրաւիրեց «Ովասիս» ծրագրի հիմնական հովանաւորներուն՝ Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի.Էմ.Էս. Օնլուս» քրիստոնէական, բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Փրո‎ֆ. Անճելօ Պոզիոն եւ անոր ազնուափայլ տիկինը՝ Տոքթ. Պարպարա Պոզիոն: Փրո‎ֆ. Անճելօ Պոզիոն նախ հայերէնով, այնուհետեւ անգլերէնով յայտնեց իրենց պատրաստակամութիւնը նիւթապէս օժանդակելու «Ովասիս» ամառնային ծրագրին, որպէսզի ան շարունակուի նաեւ յաջորդող տարիներուն:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան «Ովասիս»ի բոլոր դասարանները, իրենց պատասխանատու եւ օգնական ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով, եւ բոլոր անոնք, որոնք աշխատած էին այս ծրագրին համար եւ «Ովասիս» երգի հնչիւններուն տակ ու գեղեցիկ հրավառութեամբ վերջ գտաւ «Ովասիս-2008»-ը:
Հանդէսի աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան դիտելու ովասիսականներու ձեռային աշխատանքները եւ գծագրութիւնները, որ ցուցադրուած էին վարժարանի շրջափակին մէկ անկիւնը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ