Շաբաթ, 2 Փետրուար 2013 - Եղբայրասիրութեան հաւատալը բարեսիրութիւն կը յարուցանէ

Վատիկան

Ուրբաթ 1 փետրուար 2013-ին, լոյս տեսաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2013 ծոմի պատգամը, որ կը կրէ «Ողորմութեան հաւատքը բարեսիրութիւն կը յարուցանէ» խորագիրը։
 
Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն կը կատարէ հաւատքի եւ ողորմութեան միջեւ յարաբերութեան շուրջ, երկու աստուածաբանական առաքինութիւններու միջեւ, որ «կարելի չէ իրարմէ բաժնել կամ իրարու հակասել»։ Ան կը յիշեցնէ, թէ «հաւատքի վրայ հիմնուած եւ անորմով յայտնաբերուած սէրն է որ մասնաւորապէս կը յատկանշէ քրիստոնեաները»։ Ողորմութիւնը, սրբազան քահանայապետին համար, կարելի չէ սահմանել միասնականութեամբ կամ մարդկային պարզ օժանդակութեամբ. «ողորմութեան ամենամեծ գործը աւետարանացումն է, այսինքն՝ Խօսքին ծառայութիւնը»։

Ան պատգամին մէջ կը շեշտէ  թէ «աւելի շահեկան ու մարդասիրական արարք չկայ հարազատին հանդէպ, քան Աստուծոյ Խօսքին հացը բեկանել եւ Աւետարանի Աւետիսը, զայն ներառելով Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ»։ Այս իմաստով, ան կ՛աւելցնէ թէ «աւետարանացումը մարդ անհատին ամենավսեմ եւ ամենակատարեալ առաքելութիւնն է»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ