Թանկագին որդիներ հերոսածին Արցախի,
Այս պահուս, փառք կու տանք Տիրոջ որ պատեհութիւնը պարգեւեց Մեզի անձամբ ողջունելու եւ օրհնելու ձեզ եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրի ընդմէջէն բոլոր այն արցախածին ազատամարտիկները՝ որոնց հերոսավայել պայքարին եւ անգերազանցելի մարտունակութեան կը պարտինք հին ու նոր նահատակներու արեամբ սրբագործուած հայապատկան այս հողին ազատագրութիւնը:
Արցախը եւ արցախահայութիւնը հանդիսացան նորագոյն վկայութիւնը այն իրողութեան որ ոչ մէկ բռնատիրութիւն ու բռնամիջոց, ոչ մէկ ճնշող ու ճնշամիջոց կրնան խեղդել հայ ժողովուրդին ազատութեան եւ անկախութեան, խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքի մը ձգտումը, զինք զրկել իր ազգային իրաւունքներէն եւ կասեցնել իր պահանջատիրական երթը:
Յաւերժական Մայրիներու ազատութեանց խորհրդանիշ հողին վրայ շուրջ երեք դարերէ ի վեր հաստատուած մեր նստավայրին մէջ, եւ հոն ուր գտնուելու առիթը ունեցանք վերջին 7 տարիներու ընթացքին, մեր սրտերը բաբախեցին արցախեան պայքարի ու պահանջատիրութեան կշռոյթին:
Դուք առանձին չեղաք օրհասական այդ պայքարին մէջ, ինչպէս որ առանձին չէք ձեր ինքնորոշման եւ անկախութեան անժխտելի իրաւունքի պահանջատիրութեան մէջ այսօր: Դուք ձեր թիկունքին ունեցաք եւ միշտ պիտի ունենաք զօրակցութիւնը համայն Հայութեան: Այս իրողութեան մէկ վկայութիւնն է Մեր ներկայութիւնը այս պահուս այստեղ: Այդ զօրակցութիւնը կրկնապատկեց ձեր մարտունակութիւնը:
Դուք ձեր գլխուն վերեւ եւ հոգիներուն մէջ իբրեւ անխոցելի վահան ունեցաք պաշտպանութիւնը Ամենակալ Տիրոջ՝ բարեխօսութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն, սկսեալ մեր Հաւատքի Հօր Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը, մինչեւ Լիբանանի երկնամերձ մէկ բարձունքէն ձեզի նայող Զմմառու հրաշագործ Տիրամայրը:
Ազատութիւնը եւ անկախութիւնը նուաճելէ ետք հարկ է զանոնք պաշտպանել, պահպանել ու ամրացնել, ինչ որ կ’ենթադրէ զգօնութիւն, տոկունութիւն, զրկանք եւ յարատեւ ու բազմաբնոյթ պայքար: Այդ պայքարին առանցքը դուք էք, սիրելիներ, երկրին ու ժողովուրդին անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պաշտպաններդ, որովհետեւ այդ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխաւորումը նախապայմանն է յառաջընթացին միւս բոլոր մարզերէն ներս՝ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական կամ ընկերային: Իսկ ձեզ ու ձեր մարտունակութիւնը զօրացնողը միայն ձեր զէնքերը չեն, այլ ձեր հաւատքն ու կառչումը Արդարութեան, Իրաւունքին եւ այն բոլոր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն, որոնք ուղեկցած են մեզի մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան: Անոնք եղած են մեր գոյութեան ու գոյատեւումին երաշխաւորագիրը, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Աւարայրի ճակատամարտը մղած Վարդանանց նահատակութիւնը: Անոնք իրենց նահատակութեամբ կեանք ու յաւերժագիր պարգեւեցին Ազգին, որովհետեւ ինկան որպէսզի ապրին ու սերունդէ սերունդ փոխանցուին ազգային արժէքները իբրեւ գրաւական յաւերժութեան: Անոնց օրինակն ու ոգին ծնունդ տուին Սարդարապատին: Անոնք դարձան ներշնչման աղբիւր Արցախի ազատագրութեան պայքարին:
Թող Աստուած ձեզ անվտանգ պահէ Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ:
Օրհնեալ ըլլաք: