Երկուշաբթի, 21 Մայիս 2012 - Ընտանիքի եօթներորդ համաշխարհային հանդիպումին Միլանոյի մէջ կը մասնակցին Աշխարհի 145 երկիրներ


Հռոմ

Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը Միլանոյի մէջ պիտի մասնակցի «Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային Հանդիպումին», որ տեղի պիտի ունենայ «ֆիէրամիլանոսիթի» սրահին մէջ, (30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս), ուր ելոյթ պիտի ունենան 27 երկիրներէն բանախօսներ, եւ հովուական աստուածաբանական գիտաժողովի 104 դասախօսները։  Պիտի մասնակցին եւս աշխարհի զանազան ցամաքամասերու երկիրներէն (շուրջ 145), յատկապէս Սպանիայէն, ֆրանսայէն, Խրուաթիայէն եւ Արժանթինէն ներկայացուցիչներ։
Մասնակցողներուն ցանկին մէջ կան նաեւ՝ գաղթականներ (մեծ թիւով) որոնք այլեւս որպէս գաղութ՝ ֆիլիպինցի, բերուացի եւ էքուատորցի մաս կը կազմեն քաղաքի բնակչութեան եւ հանդիպումին համար զանոնք ներկայացնող բազմաթիւ ընտանիքներ կը մասնակցին։
Կազմակերպչական գործին մէջ իրենց նպաստը կը բերեն հինգ հազար կամաւորներ՝ անոնք եւս բազմաթիւ ազգերու պատկանող, անոնց մէկ մասը կու գայ, այս առիթին համար, մաս մըն ալ արդէն բնակութիւն հաստատած է Միլանոյի մէջ ու կ՝ապրի թեմի ժողովրդապետութիւններուն մէջ։
Յիշենք որ՝ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը որոնք կամաւորներ են, ու իրենք զիրենք դրած են «Միլանոյի Ընտանիքներու Հաստատութեան» տրամադրութեան տակ, ֆիլիպինցի են։ Արդ դիպուածով չէր որ «Ընտանիքի Դ. Համաշխարհային Հանդիպումը» 2003-ին կայացած էր Մանիլայի մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ