ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՅ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Սուրբ Յարութեան առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ Աւետման Կուսին Մարիամու եկեղեցւոյ մէջ, ժէյթաուի, Կիրակի 23 Մարտ 2008 առաւօտեան ժամը 10.30ին:
Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի հետեւեալ օրերուն՝
.Կիրակի 23 Մարտ 2008 ժամը 12.00էն- 13.30 եւ 16.30էն- 19.00:
. Երկուշաբթի 24 Մարտ 2008 ժամը 11.00էն- 13.00 եւ 16.30էն- 19.00:
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Պէյրութ, 17 Մարտ 2008