Ուրբաթ, 16 Ապրիլ 2010 - Յարութիւն Սասունեան կը զրուցէ ՀԿՄ-Ի «Արարատեան» սրահին մէջ

Պէյրութ, Լիբանան

 

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, ամերիկահայ հրապարակագիր եւ հանրային գործիչ Յարութ Սասունեանի՝ Լիբանանի մէջ կայանալիք հանդիպումներուն առաջինը կայացաւ երէկ՝ հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ, գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանրութեան։ Բանախօսութեան նիւթն էր «Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի թիւ 252 բանաձեւի ազգային եւ քաղաքական մեկնաբանութիւնը»։ Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, կրթական պատասխանատուներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ժողովրդային բազմութիւն։

 

Հանդիսութեան
բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու հայր Վարդան Գազանճեան, որմէ ետք խօսք առաւ զեկուցումին զրուցավարը՝ «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամ Վահրամ Էմմիեան, որ ներկայացնելով օրուան զեկուցաբերին աշխատանքներն ու ձեռքբերումները, ան ըսաւ, թէ Յարութ Սասունեան նախագահն է Հայկական միացեալ ֆոնտին եւ այդ պաշտօնին բերմամբ անցնող 20 տարիներուն ընթացքին ղեկավարած է Հայաստանի համար 600 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման եւ յանձնման աշխատանքները, իսկ իբրեւ Քըրք Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի աւագ փոխնախագահ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ենթակառոյցներու վերաշինութեան 240 միլիոն տոլարի ծրագիրներուն վերահսկած է։

 

Էմմիեան ըսաւ, թէ Սասունեան 1983-էն ի վեր կը հրատարակէ ամերիկահայ «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթը։ Իր շաբաթական սիւնակները կը թարգմանուին բազմաթիւ լեզուներու, լոյս կը տեսնեն աշխարհի տարածքին բազմաթիւ թերթերու մէջ եւ կը տեղադրուին անհամար կայքէջերու վրայ։

 

Ան աւելցուց, որ Սասունեան հրապարակագիրը Հայ դատի պաշտպանութեան սիրոյն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մերժողութեան դէմ պայքարելու ու թրքական չարամիտ դաւերը ձախողութեան մատնելու համար մշտարթուն հսկող զինուորագրեալ գրիչ ու միտք մըն է։

 

Ապա բեմ բարձրացաւ Յարութ Սասունեան, որ նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստ բերող բանաձեւեր որդեգրած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անցեալին արդէն Ամերիկան ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ մնայուն կերպով Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին խօսիլն ու փաստուածը փաստել փորձելը ժամանակի կորուստ է:

 

Սասունեան հաստատեց, որ Հայ դատը մարմինի մը կամ կուսակցութեան մը դատը չէ, այլ՝ համայն հայութեան խնդիրն է։ Յարութ Սասունեան աւելցուց, որ թշնամին լաւ ճանչնալը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակացնել, թէ ի՛նչ միջոցներով եւ ինչպէ՛ս պէտք է մղել պայքարը։

 

Հայ
-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զեկուցաբերը յայտնեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի չբանան սահմանները, սակայն իրենց այս քայլը կը միտի գոհացում տալ միջազգային ընտանիքին ու պետութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Եւրոպական միութիւն մուտք գործելու հարցին մէջ խնդիր մը։

 Ան աւելցուց, որ այս համաձայնութիւնները միշտ օրակարգի վրայ մնալով նաեւ կը միտին նախապայմաններու ընդմէջէն արձանագրել ձեռքբերումներ՝ զիջումներ ապահովելով։ Յարութ Սասունեան հաստատեց, որ Թուրքիա ինք գոցած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, եւ իրենք եթէ իսկապէս կ՚ուզեն բանալ սահմանը, վաղն իսկ կրնան այդ մէկը իրականացնել։ Սասունեան ըսաւ նաեւ, թէ այս յարաբերութիւնները կը միտին հարուածել Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը։

 

Սասունեան ըսաւ, թէ ամէն օր Ցեղասպանութիւն փաստելու պէտք չկայ, այլ ցեղասպանագէտներու պէտք է յանձնել շարք մը հարցեր՝ Եւրոպական դատարանին օրէնքին հիման վրայ ներկայացնելով Ցեղասպանութեան հատուցման պահանջները։ Իր խօսքի աւարտին, Յարութ Սասունեան իր Արցախ այցելութեան մասին խօսելով կոչ ուղղեց ներկաներուն Արցախ այցելելու, որպէսզի քաջարի արցախցիները զգան, որ իրենք առանձին չեն, այլ՝ համայն հայութիւնը իրենց կողքին կանգնած է։

 

Զրոյցի ընթացքին Յարութ Սասունեան նախ պատասխանեց զրուցավարին հարցումներուն, ապա ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով նաեւ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին գծով հրէական գործօնին դերակատարութեան, Թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, Իսրայէլի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եւ առկայ ծալքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ ու Վրաստանին դիրքորոշումներուն մասին։

 

Նշենք, որ այս շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միեւնոյն սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան մը՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ մամուլի խմբագիրներուն։ Հաւաքին կը քննարկուի «Համասփիւռքեան ներկայացուցչական կառոյցներու ստեղծումի գաղափարը եւ սփիւռքի կազմակերպական ապագայի հեռանկարները՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ» նիւթը։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ