Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2012 - Նորակազմ «Հիւմանիթաս» կազմակերպութեան երկօրեայ սեմինար


Պէյրութ

Գործակցաբար Լիբանանեան-Ամերիկեան համալսարանին («Էլ. Էյ. Եու.»), երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին տեղի ունեցաւ նորակազմ «Հիւմանիթաս» ոչ կառավարական կազմակերպութեան երկօրեայ սեմինարի փակման նիստը:

Ներկայութեամբ շուրջ 25 հայ թէ օտար դպրոցներէ ժամանած ուսուցիչներու եւ հրաւիրեալ մասնագէտներու` 7 եւ 8 փետրուարին նշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած այս երկօրեայ սեմինարը կը կայանայ նորակազմ «Հիւմանիթաս» կազմակերպութեան անդրանիկ ձեռնարկի ծիրին մէջ:

Առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4 երկարած այս սեմինարը կ՛ընդգրկէր աշխատանքի վարժողական անջատ նիստեր` քննարկելով այլազան նիւթեր, ինչպէս` մանուկներու վարուելակերպի դժուարութեանց առնչուող հարցեր, առանձնայնութիւն (օթիզմ), սորվելու անկարողութիւններ թերաճ մանուկներու յատուկ պարագաներու քննարկում եւ այլն:

Նիւթերը ներկայացուցին Լիբանանէն թէ արտասահմանէն հրաւիրուած հայ եւ ոչ հայ դասախօսներ ու մասնագէտներ, ինչպէս` Պեռնար Մենզինկըր, Նատին Շըհատէ, դոկտ. Շարլ Եագուպ, դոկտ. Ահմետ Օուէյնի, Ռիմ Մուաուատ եւ ուրիշներ:

Նորակազմ այս կազմակերպութեան նպատակին ու առաքելութեան գծով «Հիւմանիթաս»-ի նախագահ տոքթ. Կոստան Եափուճեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, քանի մը ամիսներ առաջ հիմնուեցաւ «Հիւմանիթաս» ոչ կառավարական այս կազմակերպութիւնը (NGO), որուն նպատակն է ծառայել հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական թէ այլ կարիքներուն` ձեւով մը ամբողջացնելով հայկական հասարակական, բարեսիրական, կրթական թէ ընկերային այլ կազմակերպութեանց գործունէութիւնը: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան յստակացուց, որ կազմակերպութիւնը տակաւին իր գործունէութեան սկզբնական փուլին մէջ է, եւ այդ գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն գծով հետագային մանրամասն անդրադարձ պիտի կատարուի մամուլով:

«Հիւմանիթաս»-ի նախագահը նաեւ յայտնեց, որ իր կողքին կան նաեւ հիմնադիր այլ մասնագէտներ, ինչպէս` Էլիզապեթ Սիուֆի, Մհեր Գալենտերեան (սեմինարի համակարգող), Անթուան Գալայճեան (փոխնախագահ), Միհրան Նաճարեան, Սարգիս Սերայտարեան, Անի Գալուստ, տոքթ. Դալար Աթեշեան, Ժագին Ապունայեան, Մարօ Չուխատարեան,:

Իր կարգին, երկօրեայ այս սեմինարի գլխաւոր համակարգող Մհեր Գալենտերեան յայտնեց, որ «Հիւմանիթաս»-ի անդրանիկ այս ձեռնարկը արգասիքն է եռամսեայ նախնական հաղորդակցութեանց եւ նախապատրաստական բազմաթիւ հանդիպումներու ու նիստերու: Գալենտերեան մեծ յոյս յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը շուտով կը պաշտօնականանայ եւ իր գործունէութեամբ կը ծաղկի ու կը յառաջդիմէ` իր խոր հաւատքն ու համոզումը յայտնելով` ազգօգուտ քայլ մը իրագործելու գծով ընդառաջող ազգայիններու գոյութեան: «Անպայման նիւթական օժանդակութիւն չէ մեր առաքելութիւնը, այլ` մասամբ օգտակար դառնալ մեր գաղութին` փորձելով ամոքել անոր «ցաւ»-երը», ընդգծեց Մհեր Գալենտերեան:

Իր կարգին, «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեան խոր գոհունակութիւն յայտնեց ձեռնարկին գծով, որ «առիթ ընծայեց ներկաներուն մօտէն ծանօթանալու եւ իմանալու թերաճ մանուկներու անկարողութեանց առնչուող հարցերուն, ինչ որ առաւել եւս շեշտեց այս գծով գործող «Զուարթնոց» կեդրոնին կարեւորութիւնը:

Սեմինարի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագիր-վկայականներ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ