Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 11-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կայքէջի տնօրէնութիւնը այցելեց Անթուան Գարամանլեան, գործակից եւ թղթակից Ամերիկայի Լոս Անճելըս քաղաքի «Նոր Հայաստան» օրաթերթին, որուն սեփականատէր եւ հիմնադիրն է՝ Վահան Ճանսըզեանը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ գործակցութեան կապերու սերտացումը կայքէջիս եւ «Նոր Հայաստան» օրաթերթին միջեւ, որ լոյս կը տեսնէ ամէն օր 8 հազար օրինակով եւ կը պարփակէ 16 էջ։