Չորեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2012 - Հոգեւոր Տիրոջ բարի գալուստի նամակը Սրբազան Քահանայապետի լիբանան առաքեալական այցելութեան առթիւ


Վատիկան

Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաքեալական այցելութեան յատկացուած կայքէջի մէջ հրատարակուած են Միջին Արեւելքի 7 պատրիարքներու Բարի Գալուստի 7 նամակներ Սրբազան Հօր ուղղուած. անոնց շարքին նաեւ՝ Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ի նամակը, որուն մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ հաւատացեալներուն ուրախութիւնն ու հրճուանքը ի լուր Սրբազան Հօր Լիբանան այցելութեան։


«Սիրեցեալ Հայր Սուրբ, ձեր կաթողիկէ զաւակները ձեզ կը սպասեն, զիրենք վերահաստատելու համար եկեղեցական իրենց հաւատքին մէջ» կը գրէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը։ Ապա կը մատնանշէ միջին արեւելքի իրավիճակին, որուն բնակիչները կ՝ապրին անապահովութեան մէջ, ընգծելով քրիստոնեաներու Աւետարանի վկայութեան կարեւոր դերը։ «Աբրահամի եւ մարգարէներու խոստացուած երկիրներու բնակիչներն ենք մենք, նա մանաւանդ բնակիչները՝ Քրիստոսի Արեամբ Սրբագործուած հողին, ու անոր Փառաւոր Յարութեան վկաներն ենք։ Ծնունդ առինք ու ապրեցանք միջին արեւելքի յոյսի հողին վրայ, սակայն անապահովութենէն եւ յոյսէն զրկուած ենք ընդհառումներու պատճառաւ, որոնք տեղի կ՛ունենան տարիներէ իր վեր եւ խաղաղութեան ապահովութեան եւ եղբայրութեան ապագայի ոչ մէկ յոյս կը ներշնչեն։ Ասոր համար է որ ձեր այցը կը նկատենք «Հրաւէր մը ապրելու՝ կեանք մը կարող յեղաշրջելու մեր ապրած հասարակութիւններուն դիմագիծը նոր աւետարանութեամբ»։

«Կը սպասենք որ ձեր այցը պարգեւէ մեզի Շնորհքը Առողջարար Աւետարանի, որովհետեւ մեծ է թիւը անոնց որոնք վիրաւորուած են իրենց արժանապատուութեան եւ ազատութեան մէջ»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նամակը կ՛եզրափակէ գրելով «Յոյսով, ուրախութեամբ եւ աղօթքով կը սպասենք ձեր ժամանումին»։

http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=611061


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ