Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2011 - Վրաստանի մէջ կրօնական համայնքներու իրաւունքներու հարցի քննարկում

 

Վատիկան

 

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Միջեկեղեցական հարցերով պատասխանատու, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի գործադիր վարչութեան մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վիգէն արք. Այքազեան 18 յունուարին Հռոմի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Տարչիսիօ Պերթոնէի հետ եւ քննարկեց Վրաստանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու իրաւունքներուն առնչուուղ խնդիրներ։

Այցելութեան ընթացքին սրբազան հօրը կ՚ընկերակցէր կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական միութիւնը խրախուսող քահանայապետական խորհուրդի Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու հայր Կապրիէլ Քուիք։

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ