Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2010 - Շքանշաններու տուչութիւն Լեւոնեան վարժարանին մէջ


Հռոմ, Իտալիա 

 

Կիրակի 28 Փետրուար 2010-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պարգեւատրեց երեք հայ կաթողիկէ անձնաւորութիւններ՝ տիարք Վահէ Ճազմատարեան, Պետրոս Թերզեան եւ Վահէ Կապրաշ, Մեծն սուրբ Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական կարգով Լեւոնեան վարժարանի կից գտնուող սուրբ Նիքոլա Տաթոլէնդինօ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Հոգեւոր Տէրը շքանշաններու տուչութեան հանդիսութեան ընթացքին, իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն.

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տեարք,

Վսեմաշուք Դեսպաններ Հայաստանի Հանրապետութեան,

Գերապայծառ, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ,

Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ,

Առաքինափայլ Քոյրեր,

Պատուարժան հիւրեր եւ սիրելի հաւատացեալներ,

Խօսքս յատուկէն ձեզի է ՄեծայարՏիարք Վահէ Ճազմատարեան, Պետրոս Թերզեան եւ Վահէ Կապրաշ,

 

Որպէս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք, Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն ձեզի նման հայրենանուէր հայու ինչպէս եւ հաւատարիմ քրիստոնեայի օժտուած ձիրքերով անձեր տեսնել միջազգային համբաւի տիրացած մեծանուն հայերու շարքին, որովհետեւ ձեր բազմաթիւ տարիներու աշխատանքները ձեզի ի նպաստ կը վկայեն ոչ միայն հայկական այլ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մակարդակի վրայ։ Իսկ Մեր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը կը բազմապատկուին այն իրողութեամբ, որ ձեր անունները Մայր Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մէջ առընչուած են համահայկական եւ բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ։

Գործը որ կը կատարէք, Մեծայարգ Տիարք, արդիւնքն է ձեր համոզումին, որ կազմեցիք որպէս հայ եւ որպէս քրիստոնեայ շնորհիւ ձեր դաստիարակութեան, որ ընդունեցաք իբր մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ ձեր ապրած միջավայրին մէջ՝ Գահիրէ, Պէյրութ եւ Ժընեւ։ Նախ՝ ձեր ընտանիքին մօտ, ապա իբրեւ աշակերտ հայկական վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ իբրեւ գործունեայ անդամ հայ համայնքէն ներս ընդհանրապէս եւ հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ մասնաւորաբար։

Ձեր ցուցաբերած անձնուէր գործունէութիւնը ձեզի շնորհեց վարկ, հեղինակութիւն եւ համբաւ, եւ ձեզ արժանի դարձուց Հայ Ազգի կողմէ ստանձնելու բազմաթիւ պատասխանատու դիրքեր եւ գնահատուեցաք պատուոյ զանազան շքանշաններով։

Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, գիտակցելով ձեր եկեղեցասէր եւ ազգանուէր արժանիքներուն եւ Ձեր անձնուիրումի ոգիին հանդէպ Հայ Ազգին եւ Ձեր համայնքին շնորհիւ, Ֆրանսայի Առաջնորդին, Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանին, Ձեզ կը պարգեւատրէ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Կարգով, որ Սուրբ Աթոռի հնագոյն Կարգերէն մին է։ Ան հաստատուած է 1 Սեպտեմբեր 1831ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծ բարերարին, երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Թող ձեր բարի օրինակը յարուցանէ ձեզի նման արժանաւոր անձնաւորութիւններ մեր Եկեղեցւոյ եւ մեր Ազգին համար:

Սրտանց մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք ձեզի□։

 

Այս առթիւ, սուրբ Պատարագէն եւ հիւրասիրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան եւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպաններուն եւ շուրջ 100 հիւրերուն, որոնք ժամանած էին Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Իտալիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ