Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2013 - Սուրբ Միքայէլ Ընծայարանի անուանակոչութիւնն ու նորաշէն կառոյցի 50 ամեակի հանդիսութիւնը

Զմմառ
 
Շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու վանքին «Վերափոխման Սուրբ Կոյսի» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեպարար սուրբ Պատարագ, նուիրուած` դպրեվանքի պաշտպան սուրբին` Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին եւ նորակերտ շէնքի 50-ամեայ յոբելեանին։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ` Գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ՝ Կապրիէլէ Գաչչայի, հայ կաթողիկէ կղերին, ճարտարարուեստի նախարար` Պրն. Վրէժ Սապունճեանի, երեսփոխան` Տիար Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար` Տիար Յակոբ Չուխատարեանի, դպրեվանքի բարերարներուն, մշակութային եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներու:

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հրեշտակներու կարեւորութեան մեր կեանքին մէջ եւ յատուկէն իւրաքանչիւր ժառանգաւորի հոգեւոր դաստիարակութեան: «Հրեշտակները մեզի հետ են ու կը հսկեն մեր վրայ, իւրաքանչիւր վարդապետի, նորընծայի ու անհատի: Մեր արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները կը պարտինք անոնց, վարդապետներ ինչպէս նաեւ ժառանգաւորներ, որովհետեւ բոլորս ալ ապրած ենք այս ընծայարանի յարկերուն ներքեւ»: Ան յուզումնախառն աչքերով յիշեց հայր Միքայէլ Վրդ. Քայելեանը, որ առեւանգումի ենթարկուած էր Հալէպ քաղաքի մայրուղիին վրայ ամիսներ առաջ:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին հիւրերը մասնակցեցան դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցած ագապին:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ կիսասարկաւագ` Ժան Տիգրան Փիլիպոս, իսկ արաբերէնով` կիսասարկաւագ` Պարգեւ Ֆատի Պաշխընճի:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը ընդգրկեց ասմունք` Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Մեծ»ը, կատարողութեամբ եղբ. Ժագ Քէշիշեանի, ապա ժառանգաւորները հնչեցուցին դպրեվանքին «Օ՛ն դու ակումբ հրեշտակաց» քայլերգը, «Հայրապետական Օրհներգ», «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Ով մեծասքանչ դու լեզու» եւ «Լեռներ Հայրենի» երգերը, ղեկավարութեամբ Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի:

Հացկերոյթի ընթացքին ներկաները իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին Հոգեւոր Տիրոջ, մեծաւոր հօր, դպրեվանքի տեսուչին եւ փոխ տեսուչին:
Դպրեվանքի տեսուչ` գերապատիւ Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանը իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց 21-րդ դարու օրինակելի քահանայի տիպարը, ըսելով յատկապէս. «Բազմակողմանի զարգացում եւ բարձր բանականութիւն, ահա թէ ինչպիսի արժանիքներ անհրաժեշտ են իսկական հոգեւորականին:  Ան պարտաւոր է իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգիին խորքը թափանցելու եւ այնտեղ անթեղուած բոցը բացայայտելու: Պէտք է ըլլայ առաւել բանիմաց ու իր որակական յատկանիշերով աւելի բարձր քան սովորական մահկանացուն, ընդունակ ըլլայ մեր օրերուն առաւել հրատապ եւ այժմէական հարցերը ճիշտ ձեւով հունաւորելու: Հասարակութեան մէջ ազգային եւ հոգեւոր կեանքը վառ պահելու եւ զանոնք աշխուժօրէն ներգրաւելու մեր կառոյցներէն ներս»: Տեսուչ հայր սուրբը դպրեվանքի 50 ամեայ յոբելեանին առթիւ իր շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցելով եզրափակեց խօսքը:

Ապա Ֆրանսերէնով խօսք առաւ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւորը, ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ` համայնքիս գոյատեւման առումով դպրեվանքին անհրաժեշտութեան եւ ըսաւ թէ «դպրեվանքը համայնքիս սիրտն է, եթէ ան դադրի բաբախելէ, ապա կ’անէանայ ու կը կորչի իր հետ չքանալով համայնքիս յոյսը, ուստի`  ազգովին պարտաւոր ենք հոգալ, խնամել եւ գուրգուրալ դպրեվանքին եւ մեր աչքին լոյսին պէս պահել զայն, որպէսզի մեր գոյութիւնը երաշխաւորենք, որով կարելի կ’ըլլայ դիմակայել հայ ազգին ապագային սպառնացող ամէն տեսակի փոթորիկները»: Ան յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց Դպրեվանքիս տեսուչին ու փոխ տեսուչին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն որոնք կը կազմեն Զմմառու մայրավանքի մեծ ընտանիքը: Ան դպրեվանքին ոսկեյոբելեանը շնորհաւորելով եզրափակեց իր խօսքը:

Պապական Նուիրակ` Կապրիէլէ Քաչչա, իր սրտի խօսքը փոխանցելով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պահպանած յատուկ դիմագիծին: Ան նշեց թէ իւրաքանչիւր հայկական եկեղեցիի կողքին կը գտնենք հայկական ծխական վարժարան մը, որով աշխարհի տարածքին հայը պահպանեց իր ինքնութիւնը հաւատքով ու իր մշակոյթով, գիտութեամբ եւ երկխօսութեամբ զինք շրջապատող ու հասարակութիւն կազմող անհատներուն հետ: Ան իր շնորհաւորանքները փոխանցելով՝ մաղթեց ժառանգաւորներուն որ հաստատ մնան քահանայական կոչման մէջ, զօրանան հաւատքով  ու զարգանան գիտութեամբ որպէսզի ծառայեն հայ ազգի զաւակներուն:

Կարկանդակի բեկանման պահուն տեղի ունեցաւ դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 50-ամեակին նուիրուած թիւին գինեձօնը։ Տարեգիրքը խմբագրեց` դպրեվանքին հայոց լեզուի ուսուցչուհի եւ խմբագիր` Օր. Սօսէ Փիլաւճեանը: Գինեձօնի պահուն, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Թող այս տարեգիրքը Քրիստոսի լոյսը սփռէ իւրաքանչիւր ընթերցողի սրտին մէջ»: 

Ապա դպրեվանքի տեսուչ հայրը 50 ամեակի յուշանուէրով պատուեց պաշտօնական անձնաւորութիւնները եւ դպրեվանքիս բարերարներէն ոմանք:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրեվանքի 50-ամեայ գործունէութեանը ըսելով. «50 տարիներու բեղմնաւոր աշխատանքի արգասիքը հանդիսացող բազում կուսակրօն քահանաներ, որոնք իրենց ազգանուէր, Աստուածահաճոյ գործունէութեամբ պատիւ կը բերեն ոչ միայն համայնքիս, այլ` ողջ հայութեան»: Հոգեւոր Տէրը մաղթանքներ շռայլելով եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մաղթանքս է որ սոյն դպրեվանքը մնայ ապառաժի մը պէս ամուր որպէսզի ոչ մէկ օտարամուտ հոսանք չկարենայ թաւալել զայն, վասնզի ան մեր ապագայի յենարանն է եւ գրաւականը գալիք 50-ամեակներուն»:
Հոգեւոր Տրիոջ Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ օրուան տօնակատարութիւնը: Ապա, ներկաներէն ոմանք դպրեվանքին ոսկեմատեանին մէջ գրառումներ կատարեցին:
Հրաժեշտի պահուն ժառանգաւորները հիւրերուն նուիրեցին դպրեվանքին դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 50-ամեակին նուիրուած թիւը:

Գերապատիւ` Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան
Դպրեվանքի Փոխ Տեսուչ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ