Կիրակի, 4 Մարտ 2012 - Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը կը սկսի 6 մարտին Հռոմի մէջ


Հռոմ


Նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներու եւ վիճակաւորներուն, յառաջիկայ երեքշաբթի 6 մարտին, Հռոմի լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանին մէջ, պիտի սկիսի հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը: Այս տարուան բացառիր այս ժողովին ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը պիտի քննարկեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուական, ազգային, ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական հրատապ հարցերն ու տագնապները։

Ժողովի նիւթ պիտի ըլլայ նաեւ «Նոր Աւետարանացում»-ը, ի պատրաստութիւն՝ ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայանալիք նոր աւետարանացման մասին յատուկ սիւնհոդոսին։

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Ժողովին աշխատանքները պիտի տեւեն մինչեւ 14 մարտ 2012։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ