Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2013 - ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ - Ծանօթ Անծանօթներ. Փոխան Գրախօսականի

Պէյրութ

Խոնարհութիւնը, համեստութիւնը, պարզութիւնը յաճախ կը մեկնաբանուին անիրաւ բացատրութիւններով: Այս իրողութիւնը թոյլ կու տայ, որ անտարբեր մնանք մեր մօտը, մեր շուրջը գտնուող արժանաւոր ներկայութեան մը: Եթէ պատահի, որ այդ մեր մօտիկը գտնուող արժանաւորը յանկարծ ընդմիշտ հեռանայ մեր մօտէն, յայնժամ կ՛անդրադառնանք, թէ անտեսած ենք հաւատարիմ ու բարեմիտ անձ մը: Նոյնիսկ կ՛ափսոսանք անգիտակցաբար ցուցաբերած մեր անտարբերութեան:

Այդպիսի տիպարներ բազմաթիւ են մեր շուրջը` ամէն մարզի եւ ասպարէզի մէջ, անոնք ըլլան պարզ քաղաքացի դրացի մը, բարեկամ մը, արհեստաւոր մը, մտաւորական կամ արուեստագէտ մը, նոյնպէս` եկեղեցական մը:

Վերեւ արձանագրուած այս պարբերութիւնը թող նկատուի յառաջաբան` մեր ընկերային կեանքին մէջ մեր արտայայտած ընդհանրական վերաբերումի մը, որ սրբագրութեան կը կարօտի, եթէ ունենաք անկեղծ անդրադարձ մեր առօրեայ յարաբերութեան շուրջ, ընկերային թէ բարեկամական կեանքին մէջ: Ըսենք նաեւ, որ մեր շուրջը կը տեսնենք անձեր, որոնք ունին ինքնամեծար տրամադրութիւն` յարգանք կամ մեծարանք ակնկալելով իրենց ընկերային յարաբերութեան ընթացքին: Մեր ուշադրութիւնը ինքնաբերաբար կը կեդրոնանայ այս երկրորդ կարգի երեւոյթներու վրայ, ուզենք թէ չուզենք, իրողութիւն մը, որ կը զզուեցնէ մեզ…

***
Գիրք մը ընթացք տուաւ այս մտորումներուն: Ոչ թէ գիրք մը, այլ` գիրքեր, որոնց հեղինակը անդուլ լոյս կ՛ընծայէ հատորներ, հանդէսներ, ամսագրեր, անձնական նախաձեռնութեամբ:

Իր վերջին հրատարակութիւնը մեր սեղանին վրայ է, նուիրուած` «Սուրբ Ուրբաթագիրք»-ի հեղինակ` Յակոբ Մեղապարտ: Գիրք մը, որ փառաւորուեցաւ իր լոյս ընծայման 500-ամեակին առիթով (1512-2012):

Պատմաքննական եւ համադրական ակնարկ կ՛որակէ ան իր այս հատորը: Հետաքրքրութիւնս կը մղէ զիս հարցումներ ուղղելու Վիեննական Մխիթարեան միաբանութեան այս անդամին` հայր Մեսրոպ Թոփալեանին, որուն լոյս ընծայած «Մարեմական» (Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած) ամսաթերթերը ուղարկած էր մեզի իր ժամանակին: Կ՛անդրադառնայի, թէ աշխատասէր, իր գործունէութիւնը հետապնդող եկեղեցական մըն է: Իր եղբայրն ալ` հայր Յովսէփ Թոփալեան նոյնպէս մտաւորական եկեղեցական, որ կը վարէ տնօրէնի պաշտօնը Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանին: Ան նոյն ատեն հրապարակախօս է:

- Աստուած օգնական, գերյարգելի վարդապետ: Կը ստանանք ձեր գիրքերը, եռանդուն էք գրողական ձեր կեանքին մէջ: Կարելի՞ է հարցնել, թէ ցարդ քանի՞ գիրք լոյս ընծայած էք:

- 53 հատոր, որ մօտ օրէն պիտի ըլլայ 55:

- Ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնէք այսքան աշխատանքի… Տնօրէնն էք Այնճարի հայ կաթողիկէ «Աղաճանեան որբանոց-դպրոց»-ի: «Ազդակ»-ին ալ կ՛աշխատակցիք ձեր «Կիրակնօրեայ խորհրդածութիւններ»-ով: Եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ պատարագիչ, գուցէ` ուրիշ աշխատանքներ եւս…

- Կարելի է, երբ կամք ունենաք…

- Լսած եմ, որ Զղարթա ծնած էք (հիւսիսային Լիբանան, Թրիփոլիի մօտիկ):

- Այո՛, փառք Աստուծոյ:

Ապա ան կը շարունակէ.

- Հայրս ատանացի է, հաստատուած է Լիբանան, Զղարթա, մայրս լիբանանցի է:

Հայկական մթնոլորտէ հեռու ծնած ու մանկութիւն-պատանեկութիւն ապրած, լիբանանեան լեզուով սնած երկու եղբայր մուտք կը գործեն Վիենննայի Մխիթարեան վանքէն ներս, հոն կը կազմաւորուին, կ՛իւրացնեն հայոց լեզուն, հաւատարիմ կը մնան միաբանութեան ուխտին, եւ այսօր անոնք կը մնան լիբանանահայ կեանքին մէջ եկեղեցականի հանգամանքով եւ մտաւորական ու գրական կոչումներով, ծառայասիրութեամբ եւ մասամբ նորին:

Հայ մշակոյթին ծառայած հայ Մեսրոպ Թոփալեան, գրչանունով` Մեսրոպ Հայունի, վճռած է շարունակել իր որդեգրած ճանապարհը` աղօթքով եւ հայ լեզուին պահպանման ճամբով:

«Սուրբ Ուրբաթագիրք» հատորը լոյս տեսած է Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամին միջոցով: Յիշենք, որ այս մատենաշարով ցարդ լոյս տեսած են սփիւռքահայ եւ հայրենի գրողներու 19 հատորներ:

Այս հակիրճ ծանօթագրութեամբ կը մաղթենք Մեսրոպ Հայունիին ստեղծագործական նոր նուաճումներ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ