Վենետիկ
Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքի 25-ամեակի եզրափակիչ հանդէսը տեղի ունեցաւ սուրբ Ղազարի մայրավանքին մէջ։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագ, ապա մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին դասընթացքի հիմնադիր եւ վարիչ հայր Լեւոն վրդ. Զեքիեան խօսք առնելով՝ շեշտեց դասընթացքին նշանակութիւնն ու դերը՝ հայ ժամանակակից մշակոյթի կեանքին մէջ, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի նկատմամբ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ համերգ։