Զմմառ, Լիբանան
Կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2010-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Յիսուսի պատանքի կրկնօրինակին նուիրումին առիթով ձայնաւոր Սուրբ պատարագ մատուցեց հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, մասնակցութեամբ՝ Ճուզեփփէ ծ. վրդ. Կիպիրթիայի գլխաորած 37 իտալացի հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու խումբ մը, եւ ներկայութեամբ՝ մեծաթիւ հաւատացեալներու։
Իր պատգամին մէջ Մուրատեան նշեց, որ Յիսուսին պատանքին կրկնօրինակին ընդմէջէն հաւատացեալները հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն։ Հայր Գաբրիէլ Մուրատեան ըսաւ, որ Յիսուսի ընդմէջէն Աստուծոյ նկատմամբ սէրը կ՚արտայայտուի պատանքին ճամբով։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ գտնուող Յիսուսի պատանքի վարիչ տնօրէն Ճուզեփփէ ծ. վրդ. Կիպիրթիային, որուն ջանքերով իրականացաւ այս նախաձեռնութիւնը։
Պատարագի աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը համբուրեց Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը, սոյն մասունքը Զմմառու վանքի վարչութեան հրամանով Թանգարանէն ելած էր ու ցուցադրուած էր վանքին մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութենէն ետք իտալացի պատուիրակութիւնը այցելեց Զմմառու վանքի թանգարանը, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութեան ու ծրագիրներուն։