Պէյրութ
Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը մատուցեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Պէյրութի կեդրոնական գօտիի «Beirut City Center Waterfront»ի շրջաբակին մէջ, մասնակցութեամբ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն: Այս սուրբ Պատարագին մասնակցեցան հոգեւորականներ, Լիբանանի պետական ղեկավարներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ Լիբանանէն եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն:
Սուրբ Պատարագի սկիզբը, մարոնի Ռաի պատրիարքը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց թէ խաղաղութիւնը քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է, եւ անոնք կոչուած են զայն իրենց կեանքի մշակոյթը դարձնելու:
Ապա սուրբ Պատարագի ընթացքին, իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան քահանայապետը ընդգծեց թէ խաղաղութեան ու արդարութեան համար ծառայութիւնը անհրաժեշտ է անկայուն ու անդադար բռնութեամբ յատկանշուած աշխարհի մը մէջ: Ան յայտնեց թէ Քրիստոսի հետեւորդները պիտի կրեն խաչը, որ իշխանութեան կամ աշխարհային նիւթական ճանապարհ չէ, այլ տանջանքի ճանապարհ է, որ կ’առաջնորդէ Յարութեան: Անդրադառնալով հաւատքի տարւոյն մասին, սրբազան Պապը ըսաւ. «կ’ուզեմ, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր հաւատքին հանդէպ յանձնառու ըլլայ այս տարւոյն ընթացքին, նորոգուելով սրտի դարձի ճանապարհին վրայ: Ձեզ կը քաջալերեմ, որ խորապէս եւ կենսունակօրէն խորացնէք ձեր խորհրդածութիւնները հաւատքի մասին, որպէսզի զայն աւելի գիտակից դարձնէք եւ աւելի զօրացնէք ձեր յանձնառումը Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր Աւետարանին:
Այն ճանապարհը, ուրկէ Յիսուս կ'ուզէ մեզ առաջնորդել, յոյսի ճանապարհ է բոլորիս համար: Յիսուսի փառքը կը յայտնուի այն ատեն ուր Աստուած իր մարդկութեան մէջ ինքզինք ցոյց կու տայ որպէս ամենատկարը յատկապէս մարմնացումին եւ խաչին վրայ: Ասյպէսով Աստուած իր սէրը կը յայտնէ դառնալով ծառայ, եւ ինքզինք տալով մեզի: Ասիկա բացառիկ խորհուրդ չէ՞, երբեմն դժուար ընկալուելիք»:
Սրբազան պապը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր որ կը տառապիք ձեր մարմիններուն եւ ձեր սրտերուն մէջ, ձեր տարապանքը պարապի չ'երթար: Քրիստոս ծառան մօտը ներկայ է բոլոր անոնց որոնք կը տառապին: Թող Աստուած օրհնէ Լիբանանը եւ Միջին Արեւելքի բոլոր սիրելի ժողովուրդները, անոնց շնորհելով իր խաղաղութեան շնորհքը»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, սրբազան քահանայապետը «Առաքելական Յորդոր»-ը յանձնեց Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն, Իրանի եւ Թուրքիոյ առաջնորդներուն, անոնց յորդորելով զայն գործադրել: Ան մաղթեց որ այս յորդորը յառաջդիմութեան ուղեցոյց ըլլայ բարդ ու բազմազան ճանապարհին վրայ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան ամրապնդման հաւատքին մէջ: