Հալէպ
Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան 90 ամեակին առթիւ Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն։ Պատարագին յաջորդեց Հալէպի հայ հոգեւոր պետերու հանդիպում սոյն եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, մասնակցութեամբ Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանին, որ իր խօսքին մէջ Գարակէօզեանի ընձեռած ազգանուէր ծառայութիւնները յիշելով շեշտեց, որ առանց համայնքային խտրութեան Գարակէօզեան հաստատութիւնը օգտակար կը հանդիսանայ սուրիահայ գաղութին։ Ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց հաստատութեան պատկան մարմիններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ բաժնի տնօրէնութեան։
Նոյն օրը կէսօրին Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնութեան եւ խորհրդատու մարմնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ, Հալէպի □Անի□ ճաշարանէն ներս։ Այս առթիւ խորհրդատու մարմնի ատենապետ հայր Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզէզեան պատուեց համայնքապետները Գարակէօզեանի 90 ամեակի վահաններով եւ իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն։