Պուրճ Համուտ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր յարկին տակ հիւրընկալեց հայրենի մտաւորական Պր. Գարեգին Չուքասըզեանը։ Վարժարանի տնօրէնի առանձնասենեակին մէջ կարճատեւ հանդիպում-զրոյցէ յետոյ, Պր. Չուքասըզեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հանդիպեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեան հետ։
Վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան նախ համառօտ ներկայացուց օրուան հիւրը, յատկապէս յիշելով, որ սեբաստացիներու մեծանուն տոհմէն սերող Պր. Չուքասըզեանին հօրէնական մեծ հայրը եղած է Անդրանիկի բանակի կամաւորներէն։ Իսկ հայրենասէր Չուքասըզեաններու հայրենադարձուելէն յետոյ, հայրը՝ Բաբգէն Չուքասըզեան երկար տարիներ վարած է Երեւանի Մատենադարանի փոխ տնօրէնի պաշտօնը, եղբայրը՝ Լեւոն Չուքասըզեան մեծ լեզուաբան է։ Իսկ անդրադառնալով Պր. Գարեգին Չուքասըզեանի անուան, Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ան «1997 թուականին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան տեղեկատուութեան եւ հրատարակութիւններու նախարարը։ Հիմնադիրը եղած է 90-ականն թուականներուն հայրենի հեռատեսիլային կայաններու արբանեակային հեռարձակման դրութեան։ Նոյն թուականներու սկիզբը հիմնած է «Ելեկտրոնային բովանդակութիւն□ անուն ընկերակցութիւնը, վարելով անոր տնօրէնի պաշտօնը»։ Կ. Թաշճեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, որ Պր. Գարեգին Չուքասըզեան տեղեկատուական թեքնոլոճիներու մեծ մասնագէտ է, քաղաքական վերլուծաբան, «Սարդարապատ» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ։ Վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատուն այնուհետեւ խօսքը փոխանցեց օրուան հիւրին՝ Պր. Գարեգին Չուքասըզեանին, որ հետաքրքիր ձեւով նախ եւ առաջ խօսեցաւ ընդհանրապէս թեքնոլոճի հասկացողութեան մասին, սկսելով մարդկութեան զարգացման ճանապարհին թեքնոլոճիի ամենապարզագոյն ձեւերէն (գիրքէն), հասնելով մինչեւ համակարգչային գիտութեան ու անոր ընծայած լայն հնարաւորութիւնները։ Այնուհետեւ Պր. Չուքասըզեան բաւական մանրամասն խօսեցաւ «Ելեկտրոնային Բովանդակութիւն» ընկերակցութեան ծրագիրներու՝ լոյս տեսած չորս խտասալիկներու մասին, որոնցմէ երկուքը արժանացած են համաշխարհային բարձր գնահատականներու եւ մրցանակներու, իսկ անոնցմէ Մեծ Եղեռնին նուիրուած աշխատանքը՝ արժանացած է ՄԱԿի կողմէն սահմանուած առաջին մրցանակին։ Աշակերտները ուշի-ուշով հետեւեցան Կոմիտաս Վարդապետին այնուհետեւ Մեծ Եղեռնի 90-ամեակին նուիրուած խտասալիկներու ներկայացումին, որ մեծապէս յուզեց եւ հետաքրքրեց ներ¬կաները։
Ներկայացման աւարտին, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ողջ դպրոցի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարգոյ հիւրին, որ արժանացուցած էր այս գեղեցիկ առիթին, ծանօթանալու նմանօրինակ մեծածաւալ ու տքնաջան աշխատանքներու պտուղները հանդիսացող վերոյիշեալ խտասալիկներուն հետ, որոնք առիթ ընծայած էին ներկաներուն զգալու, վայելելու եւ հպարտանալու ազգի մեծերով ու արժէքներով։
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ