Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2013 - Սրբադասման հարցերու Պատրիարքական Յանձնախումբի Նախագահ՝ Հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի կոչը

 

Պէյրութ

1915-ի ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին բարոյական պարտականութիւնը ունինք յիշելու մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները եւ յատկապէս մեր կղերական առաջնորդները՝, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, մայրապետներ, որոնք 1915-ի դժոխային օրերուն ժողովուրդին մէջ հաստատեցին Քրիստոնէական հաւատքը եւ իրենց կեանքը կնքեցին նահատակութեամբ ի սէր Քրիստոսի եւ բարոյական արժէքներուն:
Անոնց մէջ կը ճառագայթի պանծալի դէմքը Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին, որուն սրբանկարները արդէն տարածուած են մեր Հայ. Կաթ. Ժողովրդապետութիւններուն զանազան եկեղեցիներուն խորաններուն վրայ:
Սոյն գրութեամբ, կու գանք կրկին ու կրկին արծարծելու անոր ջերմեռանդութիւնը մեր հաւատացեալներուն մէջ, որպէզսի Անոր բարեխօսութիւնը Աստուածային գթառատ սրտէն, տեղացնէ շնորհքներ՝ ապաշխարութեան եւ հրաշքներ՝ ֆիզիքական հռչակելու համար զինք որպէս Սուրբ տիեզերական Եկեղեցւոյ խորաններուն վրայ:

Այս ուղղութեամբ կը խնդրենք, որ Ձեր ժողովրդապետութիւններէն ներս կազմակերպուին բանախօսութիւններ Երանելիին հերոսական առաքինութիւններուն շուրջ, կատարուին իննօրեաներ, յառաջ գան աղօթքի խմբակներ եւ եղբայրութիւններ:
 
Թող մեր նահատակներուն օրհնութիւնները պարուրեն մեր առաքելական կեանքը ի մեծագոյն փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն մեր հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:

      
Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան
Սրբացման Յանձնախումբի Նախագահ

Յ.Գ.
Եթէ մինչեւ օրս հրաշքներ կատարուած են Երանելիին բարեխօսութեամբ հաճեցէք տեղեակ պահել Հ.Կ. Պատրիարքարանը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ