Հինգշաբթի, 19 Օգոստոս 2010 - Հրաւէր՝ Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութենէն


Երեքշաբթի
, 19 օգոստոս 2010, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ՝ Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, մասնակցելու համար նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած տարբեր ձեռնարկներուն։

Այս գծով, նախատեսուած է Կերպարուեստի (նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, design, graphics եւ այլն) գործիչներու համահայկական համաժողով (Երեւան, 6-7 սեպտեմբեր 2010), Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու համահայկական հաւաք (Երեւան, 20-22 սեպտեմբեր 2010), «21րդ դարու մարտահրաւէրները. տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ հայ լրատուութիւնը» թեմայով լրագրողներու համահայկական 5րդ համաժողով (Արցախ, 11-16 հոկտեմբեր 2010), Տնտեսագէտներու եւ դրամատան գործակալներու համահայկական առաջին համաժողով (Երեւան, 17-19 նոյեմբեր 2010)։

Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութիւնը այսուհետեւ կ՛ակնկալէ Հայ կաթողիկէ համայնքին աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը նախատեսուած ձեռնարկներուն։  

 

Լիբանանի պարագային, յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագիրներ կարելի է ստանալ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի քարտուղարութենէն՝ տիկին Նարինէին, հեռ. 01-570555/6/7/8/9։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ