Դիւան թիւ 142/ 2007
ՀԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՆԴԱԿ
ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾԱՌԱՅ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
Ողջոյն Եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն
Առ
Սիրեցեալ Դուստր Մեր
Տիկին Զուարթ Նաճարեան
Ազնուափայլ Տիկին Զուարթ Նաճարեան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Գէորգ Հարպոյեան» Վարժարանի 20ամեակին առիթով, Մեր համայնքին գնահատանքն ու յարգանքը արտայայտող այս Հայրապետական Կոնդակով կÿողջունենք ձեզ հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ:
Դուք ձեզ արժանի դարձուցիք այս գնահատանքին ու յարգանքին ձեր իննամեայ անվրէպ եւ անձնուէր ծառայութեամբ որպէս տնօրէնուհի «Գէորգ Հարպոյեան» Երկրորդական Վարժարանի:
Շնորհիւ աստուածատուր շնորհներուն, որոնցմով օժտուած էք, ինչպէս նաեւ ձեր վարչագիտական վաստակին, գործավարական փորձառութեան եւ անխոնջ ու անսակարկ աշխատանքին, «Գէորգ Հարպոյեան» Վարժարանը, որուն տնօրէնութիւնը ստանձնեցիք ինը տարիներ առաջ, բարձրացուցիք մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդներու առողջ ուսումնառութեան եւ հայեցի ու քրիստոնեայ կրթութեան համար անհրաժեշտ պայմանները լրացնող կրթական հաստատութեան մը մակարդակին, որուն նուիրագործումը եղաւ երկրորդական բաժնին բացումը ձեր պաշտօնակոչումէն չորս տարի ետք:
Դուք առաջնորդուեցաք ընդհանրապէս հայապահպանութեան աշխատանքին եւ հայ ժողովուրդի գոյապայքարին, եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան կեանքին մէջ Հայ Դպրոցին վերապահուած վճռորոշ դերակատարութեան կարեւորութեան գիտակցութեամբ:
Իբրեւ տնօրէնուհի՝ ձեր տիպար հայուհիի արժանիքներով եւ նախանձախնդրութեամբ յատկանշուած ձեր շրջահայեաց գործունէութեամբ՝ ապացոյցը տուիք ձեր այն հաւատքին որ Հայ Դպրոցի ծառայութեան նուիրուելով նպաստած կ’ըլլաք մեր գոյատեւումին գրաւականը հանդիսացող մեր ազգային ու մշակութային արժէքներու փոխանցումին նորահաս սերունդներուն՝ հայակերտումի եւ հայեցի կրթութեան ճամբով:
Ազնուափայլ Տիկին Նաճարեան,
Իբրեւ տնօրէնուհի Մեր «Գէորգ Հարպոյեան» Երկրորդական Վարժարանին ձեր գործունէութիւնը պսակելու համար եւ ձեր յառաջիկայ բոլոր ազգանուէր աշխատանքներուն իբրեւ զօրակցութեան արտայայտութիւն՝ ձեզի կը շնորհենք
ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ
Այս Պատրիարքական պարգեւին կը միացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի Իր հովանին ու շնորհները անպակաս ընէ ձեր վրայէն, ձեզի քաջառողջութիւն պար•եւէ եւ յաջողութեամբ պսակէ ձեր քրիստոնէավայել ու հայավայել յառաջիկայ գործունէութիւնները:
Հայրական օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուաւ Ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
Յաւուր ութերորդի ամսեանն Յուլիսի յամի Տեառն 2007
Յութերորդում ամի Հայրապետական Մերոյ