Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2010 - Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէսի բացում

Պէյրութ, Լիբանան

 

Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքը, հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, «Ազդակ»ին ու «Վանայ Ձայն»ին։  

 

Սոյն
հանդիսութեան խօսք առաւ ֆրանսերէն լեզուով Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան։

Ան արտասանեց հետեւեալ խօսքը.

«Մշակոյթը, որ յոյները զայն կը կոչէին «paideia», այսինքն մարդուն ընթացքը դէպի կատարեալ մարդկայնութիւն, պերճանքի պահուած առարկայ մը չէ միայն բարգաւաճ կամ մեծ ընկերութիւններուն համար։ Մշակոյթը չափահաս մարդուն համար, պատմութիւնն է, աւանդութիւնն է... իր աւանդութիւնը։

Մշակոյթը՝ երիտասարդի, մանուկի մը կեանքին մէջ, խաղաղ ներկայ եւ պատշաճ ապագայ մը ունենալու երազն է։

Մշակոյթի նախարարի ներկայացուցիչ՝ պրն. Հաննա Էմիլ ,

Սիրելի Հայրեր,

Տիկնայք եւ Պարոնայք.

Պէյրութ՝ համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակման ծիրին մէջ, Համազգայինը, Հայկազեան համալսարանը, Ազդակ օրաթերթը, եւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռը, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը կը կատարեն այս երեկոյ, գործակցութեամբ լիբանանեան, հայկական եւ օտար միջազգային հրատարակչատուններու։

Դաստիարակել մշակոյթով կը նշանակէ կազմաւորել յաջորդ սերունդները ճշմարտութեան հետախուզումին համար։ Այսօրուան Լիբանանի մշակութային հարուստ բազմազանութեան մէջ, մեր երեխաները իրաւունքը ունին շնչելու ճշմարտութիւնը։

Այսպիսիով է, որ հայ մշակութային կազմակերպութիւնը՝ Համազգայինը յաջողեցաւ մեկնաբանել այս գաղափարը կազմակերպելով այս ձեռնարկը։

Բարի երեկոյ բոլորիդ,

Եւ դուք ով պատանիներ, սիրեցէ՛ք ընթերցանութիւնը, եւ գիրքը թող ըլլայ ձեր հաւատարիմ բարեկամը»։

 

Այս ձեռնարկին խօսք առին նաեւ յաջորդաբար՝ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը, Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան անգլերէն լեզուով, Պէյրութի թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի ներկայացուցիչ Հաննա Էմիլ։

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ