Պէյրութ
Սուրբ Աթոռի պաշտօնական բանբեր «Օսսերվաթորէ Րոմանօ» օրաթերթը իր կիրակի 22 մարտի թիւին մէջ յայտարարեց թէ սրբազան քահանայապետը վերջ դրաւ գերապայծառ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեանի, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին համար անուանուած առաքելական կառավարիչի պաշտօնին: Այսպէսով գործադրուելի դարձաւ Պոլսոյ առաջնորդութեան իր պաշտօնը, որուն համար ընտրուած էր Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէն:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի