Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Պահա՛նջք Կայ «Անառակ Որդի»-Ներուն…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, մարտ 4-ը Մեծ պահքի երրորդ կիրակին է, որ մակագրուած է «Անառակին»:

«Անառակ» բնիկ հայերէն բառ է, որ կը նշանակէ «1. անբարոյական, շուայտ, զեխ: 2. անկարգ, վատ: 3. խառնակ, անօրէն: 4. չար, անհանդարտ» (Ստ. Մալխասեանց):

Քառասնորդաց երրորդ կիրակիին «Անառակին» վերնագիրը թելադրուած է կիրակնօրեայ աւետարանէն, քանի այս օրը կը կարդացուի Ս. Ղուկաս Աւետարանիչէն այն կտորը, որ խորագրուած է` «Անառակ որդին» (Ղկ. 15, 11-32):

Յիսուսի պատմած 55 առակներուն մէջ, ըստ իս, գեղեցկագոյններէն է «Անառակ որդին»,  բայց աւելի` ամէնէն այժմէականը: «Առակ» կը նշանակէ համառօտ պատմուածք այլաբանական դրուագով կամ խորհրդանշային պատկերով, որուն տակ միշտ թաքնուած է ներքին իմաստ կամ բարոյական դաս մը:

Մարդկութեան անգերազանցելի Իմաստունը, աննախընթաց Բարոյախօսը, անկրկնելի Առակախօսն է Յիսուս Քրիստոս, որ իր այս առակին մարդկային հերոսին` «կրտսեր որդի»-ին վատ խօսքին ու կեանքին մէջ կը պատկերէ անկեալ մարդուն անտանելի իրավիճակը կամ Աստուծմէ հեռու ապրող անհատին խղճալի ներաշխարհը:

Ժխտական պատկերն է: Բարօր կեանքէն «խոզեր արածելու» հոգեմտաւոր ստրկացումը, որուն ենթարկեց ինքզինք կրտսեր որդին իր «անառակ կեանքով»…: «Հացի առատութեան» առօրեայէն «սովամահ կը մեռնիմ»-ի չքաւորութիւնը, որ զրկեց կրտսեր որդին նոյնիսկ խոզերուն կերած եղջիւրներէն…

Դրական պատկերն է: Իր արտաքին ու ներքին վիճակին` կրտսեր որդիին լուրջ անդրադարձումը, որ առաջնորդեց զայն զղջումի եւ ապաշխարանքի: Խոնարհամիտ առաջադրանքը դառնալու իր հայրենի տունը, ուր գթասրտութեամբ ու ցնծութեամբ ընդունուեցաւ իր հօրմէն:

Հոս պիտի թոյլատրես ինծի հաստատելու, եւ այն` առանց յոռետեսութեան, այլ` ամենայն իրատեսութեամբ, թէ այսօր անառակները բազմացած ու զօրացած են, բայց նաեւ` հաստատելու եւ յիշեցնելու, թէ Աստուծոյ մարդասիրութիւնը շատ աւելի ընդհանրացած է եւ Աստուծոյ ողորմածութիւնը անհամեմատօրէն շատ աւելի զօրաւոր է:

Զիս վախցնողը, սակայն, անառակներու ո՛չ շատութիւնն է, ո՛չ զօրութիւնն է, երբե՛ք, այլ զիս կը սարսափեցնեն անոնք, որոնք աւետարանական «անառակ որդի»-ին գիտակցութիւնը  չունին իրենց մեղաւորութեան եւ ինքնաճանաչումը` իրենց մեղանչականութեան:

Այո՛, Ս. եկեղեցիին համար այնքան մեծ փորձանք չեն սուրբգրային «կրտսեր որդի»-անման անառակները, որքան մարդասէր եւ ողորմած Աստուծոյ համար մեծ հարց կը ներկայացնեն ինքնաշպար «արդար»-ները եւ «ես մեղք չունիմ» ըսողները:

Պէյրութ, 1999-ին հրատարակած մէկ գրքիս վերտառութիւնն է` «Պահա՛նջք կայ անառակ որդիներուն…»: Տասներեք տարիներ ետք, այսօր, նոյն համոզումը եւ տեսութիւնն ունենալով` կը փափաքիմ մէջբերել երկիս ներածականը` «Հակասութեան զոհերուն…» վերտառութեամբ, «բայց նաեւ` ինքնագիտակցութիւն եւ անձնաճանաչում չունեցողներուն…»:

«… Անառակ որդիներուն պահանջք կա՞յ:

Քրիստոսի «անառակ որդին» անդրադարձաւ իր մեղաւորութեան: Գիտակցեցաւ իր մեղքերուն բազմութեան: Ճանչցաւ ու դաւանեցաւ իր յանցանքներուն ահաւորութիւնը:

Գոնէ անկեղծ ու բաց էր իր անձին հանդէպ: Գոնէ անկեղծ ու սրտբաց գտնուեցաւ իր հօր դիմաց: Այսօրուան քրիստոնեաներս անկեղծ չենք` թէ՛ մեր անձերուն եւ թէ՛ ուրիշներուն հանդէպ: Բայց մանաւանդ նաեւ չենք` մեր երկնաւոր Հօր ներկայութեան:

Ստուգիւ, Յիսուսի «անառակ որդին» շատ լաւ է մեզմէ, որ մեր մեղաւորութեան անդրադարձումը չունինք: Որ մեր մեղքերուն բազմութեան գիտակցութիւնը կորսնցուցած ենք: Որ մեր յանցանքներուն ՉԳՈՅՈՒԹԻՒՆՆ իրացուցած ենք: Եւ սարսափելի՛ն, որ մեր անմեղութիւնը հռչակած ենք:

- «Անառակ որդին» գործեց իր սխալները, բայց գոնէ ընդունեցաւ զանոնք: Մենք ալ կը գործենք մեր սխալները, բայց չենք ընդունիր զանոնք:

- «Անառակ որդին» ունեցաւ իր մեղքերը, բայց գոնէ խոստովանեցաւ զանոնք: Մենք ալ ունինք մեր մեղքերը, բայց չենք խոստովանիր զանոնք:

- «Անառակ որդին» հեռու ապրեցաւ իր հօրմէն, բայց գոնէ հարուածներէն սթափելով` ինքզինքն այպանեց ու զղջաց: Մենք ալ հեռու կ՛ապրինք մեր Հօրմէն, բայց հարուածներէն չենք սթափիր եւ կը չքմեղենք մեր անձերը, որով զղջումի շնորքին չենք արժանանար:

- «Անառակ որդին» իր արտաքին ու ներքին ապրելակերպէն իրատես ու խելահաս եղած` դարձաւ, վերադարձաւ իր հայրենի տունը: Մենք ալ առաւել կամ նուազ նոյն արտաքին ու ներքին ապրելակերպին մէջ` այլեւս չենք իրատես ու զգօն, քանի ալ կորսնցուցած ենք ախտաճանաչումի կարողութիւնը եւ ինքնաճանաչումի իմաստութիւնը:

Այո՛, դարձո՛ղ, վերադարձո՛ղ անառակ որդիներուն պահանջք կայ այսօր: Որովհետեւ անոնց պակասէն կամ «մեղք չունիմ» ըսողներէն կը վնասուի մարդկութիւնը:

Որովհետեւ անոնց բացակայութենէն կամ «անմեղ»-ներէն կը տուայտի մեր կրօնը…: Որովհետեւ անոնց յամեցումէն կամ «կը խոստովանիմ ինքնիրենս» յայտարարողներուն ներկայութենէն կը տառապի քրիստոսական եկեղեցին…»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ