Լիբանան
8 Յունուար 2009-ին, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պերտոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը տուաւ իր անդրանիկ այցելութիւնը Քահլ Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոնին:
Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցէին հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Եղիաեան, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան:
Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը կը նպատակադրէր Ս. Ծննդեան Աւետիսը տալ, ուրախացնել պատսպարեալ հայ ծերունիները եւ քաջալերել Քահլ մարդասիրական կեդրոնը:
Քահլ Կեդրոնի տնօրէն՝ տիար Գէորգ Գարապօյաճեան ընդունեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ խնամակալութեան կազմին, պաշտօնէութեան եւ մայրիկներուն ու հայրիկներուն: Ան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց ներկանրուն եւ շնորհաւորելով Ս.Ծննդեան տօնը ըսաւ, «Քրիստոս իր արքայութեան փառքը թողուց եւ Երկիր իջաւ մարդոց փրկութեան համար, նոյնպէս Հոգեւոր Տէրը եկաւ պատրիարքարանէն որովհետեւ ան կը սիրէ եւ կը հոգայ հայ ծերունիները»:
Իր կարգին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ուրախութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց Քահլ Կեդրոնի առաքելութիւնը, իսկ Հայ մայրիկներուն եւ հայրիկներուն մասին ըսաւ, «անոնց ներկայութիւնը մեզի օրհնութիւն է եւ մենք բոլորս կարիքն ունինք անոնց աղօթքներուն»:
Այս առիթով, «Բլբուլ» երգչախումբը ղեկավարութեամբ պրն.Մանուէլ Քէշիշեանի համերգ մը տուաւ կատարելով Ս. Ծննդեան մեղեդիներ եւ շարականներ: Ապա Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւնը եւ սենեակ առ սենեակ այցելեց անկար ծերունիներուն, բոլորին բաժնելով նուէրներ: