Շաբաթ, 17 Ապրիլ 2010 - Յարութ Սասունեանի հանդիպումը լիբանանահայ աշակերտութեան հետ

Պէյրութ, Լիբանան

Ուրբաթ, 16 Ապրիլ 2010-ին, կէսօրէ առաջ 11.30-ին, ամերիկահայ հրապարակագիր եւ հանրային գործիչ պրն. Յարութ Սասունեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան հետ, «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի կազմակերպութեամբ, ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ: Հանդիպման նիւթն էր՝ «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը եւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն առնչութիւնը անոր հետ»: Հանդիպման մասնակցեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, պատասխանատուներ, մեծ թիւով աշակերտներ: 

Նախքան օրուան բանախօսը իր խօսք առնելը, «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի հայագիտական բաժնի պատասխանատու՝ պրն. Վարդան Թաշճեան ներկայացուց պրն. Յարութ Սասունեանը  եւ կեդրոնին անունով զինք շնորհակալութիւն յայտնեց իր մասնակցութեան համար:   

Այնուհետեւ,  պրն. Յարութ Սասունեան իր բանախօսութիւնը սկսաւ աշակերտներուն ըսելով, որ իրենք կարեւոր դերակատարութիւն ունին ընկերութեան մէջ եւ անոնք պէտք է շատ լաւ հասկնան, որ իրենք արժէքաւոր են, քանի որ իրենց պէս անհատները քիչ են, որովհետեւ հայ ժողովուրդը փոքրաթիւ է եւ իրենք հազարամեակներու մշակոյթը, պատմութիւնն ու արժէքները պահպանելու ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը ունին:

Սասունեան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի շղթային նորագոյն օղակը աշակերտներն են, եւ Հայ դատին հետապնդումը իւրաքանչիւր աշակերտին գործն է, որովհետեւ այս դատը իւրաքանչիւրին դատն է: Ան նշեց, որ հայ աշակերտը պէտք է ըլլայ նախաձեռնող ու չսպասէ, որ ուրիշներ որոշեն, թէ իրենք ի՛նչ պիտի ընեն: Յարութ Սասունեան ըսաւ, որ աշակերտները այսօր իսկ կրնան պայքարին մասնակցիլ՝ համացանցին ճամբով թրքական կեղծիքներուն պատասխանելով: Սասունեան հաստատեց, որ ապրիլ 24-ը սուգի օր չէ, այլ՝ պահանջատիրութեան ու պայքարի:

Խօսելով Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին ու նոր ձեռքբերումներուն մասին՝ դասախօսը ըսաւ, որ հայութեան դէմ թուրքերը մեծ արշաւ տարած էին, մինչ Թուրքիոյ պետութիւնը տարեկան մեծ յատկացումներ կը կատարէ՝ արգելակելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը: Սասունեան յայտնեց, որ Հայ դատի պայքարը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք, եւ հակառակ անոր որ հայերը հսկայ միջոցներ չունին, սակայն կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ’արձանագրեն նուաճումներ:

Յարութ Սասունեան հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը նպատակ չէ, մինչ հատուցման խնդիրը պէտք է դարձնել հիմնական օրակարգ՝ դատարաններու ճամբով սկսելու համար իրաւունքները պահանջելու աշխատանքին: Ան նշեց, որ համայն հայութիւնը մասնակից է պայքարին, եւ սխալ է այն կարծիքը, թէ հայրենիքի մէջ ապրող հայերը մասնակից չեն պայքարին: Սասունեան նաեւ յայտնեց, որ սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնը ունին իրենց իւրայատուկ դերերը, եւ այս առնչութեամբ պէտք է կատարել աշխատանքներու ճշգրիտ բաժանումներ, որոնք կ’իրականանան յստակ ծրագիրներով: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին Սասունեան նշեց, որ այսօր արդէն Հայաստանի իշխանութիւնները նկատեցին, որ այն ինչ որ մենք երկու տարի առաջ կ’ըսէինք, ճիշդ էին քանի որ յստակ իրականութիւն դարձաւ, որ Թուրքիա արձանա$րութիւններուն ընդմէջէն նախապայմաններու միջոցով կ’ուզէ հայութենէն զիջումներ ապահովել, ինչ որ բացարձակապէս մերժելի է:

Դասախօսութենէն ետք հայ աշակերտները իրենց մեծաթիւ ու որակաւոր հարցումներով յայտնեցին իրենց ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը իրենց դատին, ինչպէս նաեւ իրենց նշմարելի մասնակցութիւնը պահանջատիրութեան աշխատանքներուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ