Պէյրութ
Կիրակի, 21 նոյեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 7-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը կազմակերպեց մեծարանքի հանդիսութիւն մը նուիրուած՝ Սարգիս Նաճարեանին, իր լրագրողական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանին համար։ Նոյն առթիւ կատարուեցաւ նաեւ շնորհանդէսը յոբելեարի «Դէմ առ Դէմ» վերնագրով հատորին։ Հանդիսութեան մասնակցեցան արհիապատիւ հայրեր եւ պետական ու մտաւորական դէմքեր։
Լիբանանի եւ հաայաստանի քայլերգներէն ետք, սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան Գազանճեան բացման խօսքը արտասանեց ըսելով. «Այս հանդէսը կ'ուզէ ըլլալ նշան մը՝ «նշան երախտագիտութեան», երախտագիտութիւն անձի մը հանդէպ, որ տուաւ ինչ որ ունէր եւ կու տայ տակաւին, միշտ «պարտականի -ըսեմ ծառայի- հոգիով» եւ ինչ արտայայտութիւն, որ գործածուի այս երեկոյ թող հիմնաւորուի ու կարդացուի այս ակնոցով:
Այս երեք սկզբունքները, զուգուած` քրիստոնէական վկայութեան հետ, կը կազմեն հիմնական մեկնակէտերը եւ ուղենիշները քրիստոնեայ լրագրողին, որ մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ` համաշխարհային յարափոփոխ պայմաններուն մէջ արժանապատուօրէն իր առաքելութիւնը կատարելու:
Ալեկոծ այս աշխարհին մէջ, շատ յաճախ խաբուսիկ լուրերուն դիմաց, մամուլը կանչուած է ներկայացնելու ճշմարիտ աշխարհը, զոր Քրիստոս կը սիրէ ու կը հոգայ, բացայայտելու կեանքը խոչընդոտող արգելքները, ցոյց տալու զանոնք յաղթահարելու միջոցները եւ մարդոց փոխանցելու ճշմարտութեան յուսադրիչ լոյսը:
Պրն. Նաճարեան իր գործունէութեան ընթացքին հաւատարիմ մնաց լրագրողական այս հանգանակին, չշեղեցաւ իր քրիստոնէական յանձնառութենէն, կառչած մնաց այդ սկզբունքներուն եւ լրագրական իր արտադրութեան մէջ ի ցոյց դրաւ այնպիսի արժանիքներ, որոնք կրնան զարդարել լրագրութեան ամենաբարձր կոչումներու հետամուտ ոեւէ մասնագէտի վաստակը` հայկական թէ միջազգային մակարդակի վրայ»:
Եզրաբակելով իր խօսքը, հայր Վարդան շնորհաւորեց մամուլի ծառայութեան յիսնամեայ յոբելեարը, յայտնելով թէ անոր հոգեւոր ու մտաւոր արժանիքները ծանօթ են բոլորին, որուն գործունէութեան վկան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը եւ որ արժանացած է հանրութեան գնահատանքին։
Ապա ներկայացուեցաւ Սարգիս Նաճարեան` Կէս Դար Մամուլի եւ Ընկերութեան Ծառայութեան մէջ Լսատեսողական ակնարկ մը - տեսերիզը որմէ ետքը տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Լիբանանի նախկին երեսփոխան եւ Սարգիս Նաճարեանի գործնկեր տօքթ. Եղիկ Ճերճերեանի բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցան Լիբանանի մամլոյ սենտիքայի եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան ուղերձները եւ ապա յուշանուէրներու տուուչութիւն։
Այս Առթիւ ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը օրհնութեան գիր մը ուղղեց Սարգիս Նաճարեանին, ուր գնահատած է յոբելեարի գործունէութիւնը: «Անձնապէս կու գանք վկայելու, որ դուք եղաք օրինակելի տիպար մը մամուլի գործիչի, որ իր գործունէութեան մէջ լաւագոյնս մարմնաւորեց հայ քրիստոնեայ լրագրողի արժանիքները եւ անշեղօրէն ծառայեց ազգային եւ քրիստոնէական սկզբուքներուն...» - գրեց Հոգեւոր Տէրը ու աւելցուց - «Դուք գրեցիք միշտ գիտակցելով, որ ձեր խօսքը կոչուած է ծառայելու նախ եւ առաջ ճշմարտութեան, եւ որ մամուլի ոեւէ նուիրեալ պարտի իր գրիչը պահպանել որպէս ամենազօրեղ զէնքն ու զրահը այդ գերագոյն արժէքին»: Ապա եզրափակեց ըսելով. «Դուք մամուլի լուսաւորողի եւ յուսադրողի դերակատարութեան գետնի վրայ արձանագրած էք յիսուն եւ աւելի տարիներու վաստակ մը - գրած է Հոգերոր Տէրը - պայծառ եւ արգասաբեր, որուն համար կ’օրհնենք ձեզ եւ աղօթքով կը խնդրենք Աստուծոյ, որ ձեր կեանքը զարդարէ սիրով եւ գոհութեամբ, ինչպէս նաեւ Իր աստուածային պարգեւները անպակաս ընէ ձեր, ձեր կողակիցին, ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն կեանքին մէջ»:
Առ այդ խօսք առաւ Պարոն Սարգիս Նաճարեանը իր շնորհակալական խօսքը արտասանելով։
Այս խորհրդանշական երեկոն վերջ գտաւ Սարգիս Նաճարեանի «Դէմ առ Դէմ» հատորին Գինեձօնով եւ սիրալիր հիւրասիրութեամբ սրահին վերի յարկը։