Քեպէք, Գանատա
Սուրբ Հաղորդութեան 49րդ Համաշխարհային Համագումարը սկսաւ յառաջիկայ 15 Յունիս 2008ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 22 Յոինիս, Քեպէք քաղաքին մէջ, Գանատա: Համագումարին հիմնական
խորհագիրն է՝ «Ս. Հաղորդութիւնը, Աստուծոյ պարգեւը աշխարհի կեանքին համար»: Երրորդ հազարամեակին սկիզբը, համաշխարհայնացման մարտահրաւէրին դիմաց, Կաթողիկէ Եկեղեցին կը ձգտի տարածել սիրոյ ու խաղաղութեան մշակոյթը, ներշնչուելով Ս. Հաղորդութենէն:
Այս համագումարին պիտի քննարկուին Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդի յատկանշական երեսները (ի մասնաւորի Քրիստոսի Յարութեան խորհդաւոր յիշատակը), շեշտը դնելով այժմէականացումը ու փոխանցումը Ս. Աւետարանի արժէքներուն և Ս. հաղորդութեան կարեւորութեան մեր ներկայ աշխարհին մէջ:
Քեպէք քաղաքը ընտրուած էր հիւրընկալելու այս համագումարը երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին կողմէն: 2008 տարին կը զուգադիպի այս քաղաքի հիմնադրութեան 400 ամեակը, որպէս հիւսիսային Ամերիկեան ցամաքամասի առաջին քրիստոնէայ կեդրոնը: