Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2012 - Յակոբ Պարոնեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական հանդիսութիւն


Պուրճ Համմուտ

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Պարոնեանի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ հոգեւորականներու, գրասէր հանրութեան, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Տեսիլ Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Յակոբ Պարոնեանի գրիչի հարուածները մտրակած են յոռի երեւոյթներնու սովորութիւնները, դէմ կանգնած են օտարութեան եւ պաշտպանած` ընկերութեան շահերը: Իր խօսքի աւարտին, Քէշիշեան ըսաւ. «Հերթըմերն է պահպանելու հայոց լեզուն ու գրականութիւնը եւ շարունակելու Պարոնեանի ուղին` մարդակերտման եւ հայակերտման սրբազան ճանապարհը»:

Օրուան պատգամախօսն էր հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի ատենապետ եւ վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Լորի Եթերեան: Ան ըսաւ, որ Պարոնեան մեր բարքերու, սովորութիւններու, յոռի երեւոյթներու եւ ընկերութեան հարցերու իսկական նկարիչն էր, որ ունէր տեսնելու եւ դատելու իւրայատուկ ոճ:

Լորի Եթերեան աւելցուց. «Աւելի քան հարիւր տարի անցած է, բայց բան մը չէ փոխուած հայ իրականութեան մէջ: Պարոնեանի տիպարները դժբախտաբար տակաւին կ՚ապրին մեր ընկերութեան մէջ եւ ամէն տեղ  կան նիւթապաշտ մարդիկ, մակերեսային մտածողներ, որոնց համար դրամը գերիշխող է եւ բարձր`  բոլոր տեսակի մարդկային արժէքներէն»:
Գրողին գրական յատկանիշները ներկայացնելէ ետք, բանախօսը հաստատեց, որ Պարոնեանին համար կեանքը թատրոն էր, իսկ ինք հանդիսատես, որ հեռացաւ, բայց սակայն թատրոնը մնաց եւ դժբախտաբար միեւնոյն վատ ոճով կը շարունակուի:
Իր խօսքի աւարտին, Լորի Եթերեան նշեց, որ «Յակոբ Պարոնեանին յիշատակը յարգելու համար պէտք է հաւաքաբար աշխատիլ վերցնելու մեր ընկերութեան բոլոր յոռի երեւոյթները` կերտելու փայլուն, գիտակից, զարգացած, քաղաքակիրթ եւ ազգային միջավայր մը, ուր արժէքները կ'իշխեն եւ ոչ դրամը, ուր աղաներ չկան եւ ոչ ալ վարձկաններ, ուր աթոռները ծառայելու միջոց են եւ ոչ նպատակ, եւ վերջապէս, ուր օտարինը մերժելի է եւ հայկականը` պատուական է եւ մնայուն»:

Հանդիսութեան ցուցադրուեցան Յակոբ Պարոնեանի գործերէն երեք տեսարաններու ժապաւէնը, որուն մէջ դերեր ստանձնած են վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ: Ժապաւէնը բեմադրած է պրն. Վազգէն Մուղալեան: Իսկ գեղարուեստական յատագիրով ելոյթ ունեցան Նարեկ Չերչեան (սրինգ) Կասիա Էճիտեան (կիթառ) եւ Լորի Մոմճեան (կիթառ), որոնք անհատական եւ խմբային երեք կատարումներով ստեղծեցին երաժշտական հաճելի մթոնոլորտ:

Պարոնեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ հաստատեց, թէ այս հանդիսութիւնը յաւերժացուց Պարոնեանը, քանի որ ապացուցեց, թէ կան աշակերտներ, որոնք պատրաստ են շարունակելու Պարոնեանի սկսած աշխատանքը: Գնահատելով Մեսրոպեանի Աշակերտական խմբակի գործունէութիւնը եւ աշխատանքներու հորիզոններու ընդլայնումը, տնօրէնը շնորհաւորեց կազմակերպիչները եւ նշեց, թէ աշակերտները պէտք է խիզախութեամբ, անկեղծութեամբ եւ ճշմարտութեամբ ծառայեն ընկերութեան ու պահպանեն հայութեան արժէքները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ