Շաբաթ, 4 Յուլիս 2009 - «Քնար» երգչախումբը Ս. Պօղոսի տարիին փակման մասնակցեցաւ

 

 

Դամասկոս 

 

 

Դամասկոսի մէջ պատշաճ շուքով կատարուեցաւ փակումը Ս. Պօղոսի ծննդեան 2000 ամեակի նուիրուած Յոբելինական տարուայ զանազան միջոցառումներուն ու հոգեւոր բնոյթ կրող ձեռնարկներուն:

 

Ինչպէս յայտնի է Ս.Պօղոս առաքեալը դարձի եկաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ ու իր քրիստոնէական հաւատքը ընդունեց  քաղաքին մէջ: Այս պատճառաւ իսկ ան Դամասկոսի մէջ կը վայելէ մեծ սէր ու  քրիստոնեայ քաղաքացիները  յատուկ ջեմեռանդութեամբ կը մօտենան անոր:

 

 Յոբելինական տարուայ փակման հանդիսութիւնները կը վայելէին պետական հովանաւորութիւն ու այս առթիւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ ու ուխտաւորներ աշխարհի չորս ծագերէն, ժամանած էին Դամասկոս: Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէր  Սպանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Անթոնիօ Մարիա Րուքօ Վալերա Քարտինալը:

 

 Այս ձեռնարկներու կարեւորագոյններէն մէկը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի «Տար էլ Ասատ» արուեստի եւ մշակոյթի տան ազգային Օբերայի  սրահին մէջ, 27 Յունիս 2009 ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Յոյն Կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ Օփերայի տնօրէնութեան, «Դամասկոսէն դէպի աշխարհ Ս. Պօղոս ազգերու առաքեալ» խորագրով: Ներկայ էին Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆայսալ Միքտատի, բազմաթիւ հոգեւորականներ ու Դամասկոսի եկեղեցիներու առաջնորդներ, որոնց շարքին Հ.Կ. Համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Եպս. Առնաութեանը, դիւանագիտական մարմիններու անդամներ ու խուռներամ բազմութիւն մը: Հանդիսութեան կը նախագահէին Յոյն Կաթողիկէ համայնքի Կրեկուար Գ. Լահհամ Պատրիարքը Եւ Պենետիկդոս քահանայապետի ներկայացուցիչ Անթոնիօ Մարիա Րուքօ Վալերա  Քարտինալը: Հանդիսութիւնը կը միտէր բեմական պատկերներով, լսատեսողական միջոցներու ու հոգեւոր երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ներկայացնել Ս. Պօղոսի կեանքի կարեւորագոյն հանգրուանները, շեշտը դնելով Դամասկոս քաղաքի վրայ որպէս հաւատարիմ հետեւորդ մեծ առաքեալի սիրոյ եւ համերաշխութեան պատգամներուն ու կրօնքներու համակեցութեան ու համերաշխ գոյակցութեան : Այս իրողութիւնը աւելի ցայտուն կերպով ներկայացնելու նպատակաւ, հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին շարականներ 5 տարբեր լեզուներով, որոնք այսօր Դամասկոսի մէջ եկեղեցական ծէսերու ընթացքին լսելի կը դառնան:Յոյն Կաթողիկէ պատրիարքարանի երգչախումբը կատարեց շարականներ Յունարէն եւ Արամերէն  լեզուներով,Իրաքի Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ երգչախումբն ու Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Եփրեմի անուան երգչախումբը կատարեցին հոգեւոր երգեր ու շարականներ Ասորերէն լեզուով: «Քնար» երգչախումբը որ կը սպասարկէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, պատիւն ունեցաւ այս կարեւոր հանդիսութեան ներկայացնելու հայ ծէսն ու հայկական հոգեզմայլ շարականները: Երգչախումբը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի յաջողութեամբ մեկնաբանեց յաջորդաբար Սրապեանի մշակմամբ «Քրիստոս Յարեաւ»ը, Ա.Յարութիւնեանի «Գթա Տէր»ը, Ռ. Ալթունեանի «Նոր Ծաղիկ»ը եւ վերջապէս Եկմալեան պատարագէն «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականը:Ներկաները մեծապէս գնահատեցին  երգչախումբի կատարումը: Այստեղ նշելու ենք որ հանդիսութեան գլխաւոր կազմակերպիչն ու բեմադրիչն էր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներէն  պրն. Շատի Սարուէն որ վերջին տարիներուն մեծ աշխատանք կը տանի հոգեւոր երաժշտութեան տարածման ի խնդիր ու կազմակերպիչն է շարականներու «Քիսարադ ալ րուհ» փառատօնին: Նոյն այդ փառատօնի անունը կրող երգչախումբը խմբավարութեամբ Պրն. Սարուէյի, աւարտին հասցուց հանդիսութիւնը երգելով արաբերէն լեզուով շարականներ ու ազգային հեղինակային երգեր որոնք կը հիւսէին գովքը Դամասկոսի՝ բնակուած ամենահին մայրաքաղաքը աշխարհի, ուր մարդիկ կ՝ապրին սիրով ու համերաշխութեամբ: Հանդէսի աւարտին՝ մասնակից երգչախումբերու անդամները բեմ դուրս եկան ժողովուրդի ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ ու Լահհամ պատրիարքը փակեց երեկոն իմաստալից խօսքով մը, շեշտելով՝ թէ Ս. Պօղոս Դամասկոսէն մեկնեցաւ ամբողջ աշխարհին քարոզելու խաչեալ Քրիստոսը, իսկ այսօր ամբողջ աշխարհ կուգայ զինք մեծարելու Դամասկոսի մէջ: Ան ի վերջոյ Ս. Պօղոսի պատկերը կրող յուշանուէրներ յանձնեց արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆ. Միքտատին, Րուքօ Վալերա Քարտինալին եւ հանդիսութեան կազմակերպիչ Շատի Սարուէյին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ