Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2011 - Վատիկանը կը ներկայացնէ քահանայապետին նոր գիրքը՝ «Յիսուս Նազովրեցի» Բ. հատոր

 

Վատիկան

Այսօր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին «Յիսուս Նազովրեցի» գիրքին Բ. հատորին ներկայացումը, որ կատարեց կարդինալ Մարգ Ուէլլէնը՝ նախագահ Եպիսկոպոսներու ժողովին եւ գրագէտ փրոֆ. Գլաուտիօ Մակրիսը։
Այս հատորը կը ներկայացնէ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքէն մինչեւ անոր յարութիւնը, եւ պիտի թարգմանուի 24 լեզուներու։

Գիրքը կը բաղկանայ 9 գլուխներէ
, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած է մէկ եղելութեան։

Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք թէ քահանայապետը այս գիրքով ոչ թէ ուզեց գրել Յիսուսի կեանքը, այլ մեկնաբանել անոր պատգամը։ Այս հատորին ընթերցանութիւնը պիտի դառնայ Յիսուսի հետ հանդիպումի առիթ, կ'ըսէ վատիկանեան բանբերը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ