Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2013 - Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ 60 ամեակի առիթով հոգեւոր համերգ նուիրուած Ս. Կոյս Աստուածամօր

Պուրճ Համուտ

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ նուիրուած «Ս. Կոյս Աստուածամօր», եկեղեցւոյ 60 ամեակին առթիւ եւ Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Անի Գալուստին, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբերուն, ղեկավարութեամբ՝ Պր. Մանուէլ Քէշիշեանի: Համերգին ներկայ գտնուեցան եկեղեցական դասի անդամներ, Միութենական յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ հաւատացեալներ:

Բացման խօսքին մէջ, եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ հոգեւոր համերգին մասին, որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Աստուածամօր, փառաբանելու համար անոր մայրական հոգածութիւնը: Ապա ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրէն ի վեր, յաջորդականութեամբ պաշտօնավարող ժողովրդապետներուն ծառայասիրութիւնը, որոնք իրենց նուիրումով եւ հովուական գործունէութեամբ, վառ պահեցին հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ, հաւատքի եւ սիրոյ կայծը:

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ, նախկին ժողովրդապետներէն, Արհի. Տէր Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, որ ղեկավարած է նաեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումը: Երգեցողութեան առաջին մասը կատարեց, «Բլբուլ» երգչախումբը, որ ներկայացուց մարեմեան շարականներ ու տաղեր: Ապա «Արծիւեան» երգչախումբը ներկայացուց շարք մը խմբային կատարումներ եւ մեներգութիւններ: Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, իր սրտին խօսքը ըսելով, անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապալի վիճակին մասին եւ Տիրամօր օգնութիւնը հայցեց այս ուղղութեամբ, ապա պաշտօնապէս յայտարարեց եկեղեցւոյ «60» ամեայ տօնակատարութիւններուն բացման արարողութիւնը»: Իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց, օրուան հանդիսութեան նախագահ Տիկ. Անի Գալուստին, առ ի գնահատանք իր ժրաջան ընկերային աշխատանքներուն եւ սիրոյն հայ ազգի զաւակներուն նկատմամբ, նաեւ ղեկավար պր. Մանուէլ Քէշիշեանին, իրեն ընկերակցող երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, ձայնային սարգաւորման պատասխանատուին՝ պր. Նշան Փաջանեան:

Հոգեւոր համերգը աւարտեցաւ «Մայր Սուրբ» շարականի երգեցողութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ