Կիրակի, 14 Օգոստոս 2011 - Երիտասարդական օրեր հայկական եռագոյնով Լիբանանի Ուատի Աննուպինի մէջ


Պէյրութ

«Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով»  Մատրիտ - Պէյրութ 2011

JMJ Madrid 2011-ի Պատրիարքական թեմի յատուկ  յանձնախումբին եւ երիտասարդական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ թեմական մակարդակի վրայ երկու օրերու երիտասարդական ուխտագնացութիւն դէպի Ուատի Աննուպինի սրբավայրերը, 20-21 օգոստոս 2011-ին: Մեկնումը պիտի ըլլայ Պէյրութէն:

Երիտասարդները, որոնք կը կազմակերպեն այս ձեռնարկը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ծրագրած են երկար քայլարշաւներ, որոնք պիտի յատկանշեն Էմմաուսի աշակերտներուն ընթացքը, եւ հանդիպումը Յիսուսի դէմքին, կ'ըսէ հայր Սեպուհ: Ապա երիտասարդները կ'ըսեն թէ չկրցան Մատրիտ երթալ զանազան պատճառներու համար (հիմնականը՝ նիւթական), սակայն պիտի փորձեն ապրիլ նոյն հաստատ հաւատքը, իրենց կեանքը արմատացած պահելով Քրիստոսի մէջ:

Անոնք պիտի միանան ուղիղ համացանցային գիծով համաշխարհային երիտասարդական օրուան հանդիսութիւններուն Մատրիտի մէջ, եւ նոյն ժամերուն իրենք ալ աղօթքի պահեր պիտի ունենան:

Յաջողութիւն եւ աղօթք՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ապագան հանդիսացող երիտասարդ երիտասարդուհիներուն:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ