Այնթուրա, Լեռնալիբանան
|
Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներու եւ Այնթուրայի 300 հայ անմեղ որբերու յիշատակին ոգեկոչում, կիրակի, 8 մայիս երեկոյեան ժամը 6-ին, Այնթուրայի Սէն Ժոզեֆ քոլեճին մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Ժունիէի հայ կաթողիկէ «Սէր» միութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիրեն Սեմերճեան, որ նշեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը սկսած է հետզհետէ մո՛ռնալ թուրքին ոճիրին ահաւորութիւնը եւ ասոր վկան է թրքական ֆիլմաշարերու ցուցադրութեան ծիրին ընդարձակումը լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ: Ապա Սիրեն Սեմերճեան ներկայացուց Այնթուրայի որբանոցի 300 հայ որբերու ճակատագիրը բացայայտած Միսաք Քելեշեանը:
Սակայն նախքան Քելեշեանի խօսք առնելը, Լազարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Անթուան Նաքատ ֆրանսերէնով խօսք առնելով պատմեց, թէ ինչպէ՛ս քոլեճին մէջ հայ որբերը թրքացուած են: Անոնք տանջուեցան, որովհետեւ պարզապէս հայ էին:
Միսաք Քելեշեան արաբերէնով խօսք առնելով ներկայացուց քոլեճին պատմութիւնը: Ան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Ճեմալ փաշայի եւ Խալիտէ Էտիպի գլխաւորութեամբ հայ մանուկները թրքացման եւ իսլամացման ենթարկուեցան:
Միսաք Քելեշեան նշեց, թէ 300 հայ որբեր մահացան քոլերայի, անօթութեան եւ տանջանքի պատճառով ու թաղուեցան եկեղեցւոյ խորանին ետեւ: 1993-ին, երբ քոլեճը ընդլայնելու աշխատանքներուն պատճառով փորեցին գետինը, հոն գտան հայ որբերուն աճիւնները, որոնցմէ մաս մը հաւաքելով թաղեցին մեծաւորներու գերեզմաններուն մէջ:
|
2010-ին հայր Անթուան Նաքատ փոքր` 30 քառ. մեթրնոց հողաշերտ մը նուիրեց, որպէսզի հոն յուշակոթող եւ տապանաքար զետեղուի:
Քելեշեան զուգահեռներ գծեց Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերուն եւ լիբանանցիներուն կրած տանջանքներուն միջեւ: «Ո՞ւր է մայիս 6-ը այսօր, ո՞ւր է նահատակներու մեծարումը Նահատակաց հրապարակին վրայ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս շոգիացաւ Մայիս 6-ը իբրեւ Նահատակաց օր», հարց տուաւ Մ. Քելեշեան:
Ապա խօսք առաւ «Թելէ Լումիէր» հեռուստակայանի թղթակից տիկ. Լորա Նաանու, որ շեշտեց ճշմատութեան վրայ եւ ըսաւ. «Անկարելի է որ ճշմարտութիւնը մեռնի. ուշ թէ կանուխ ան երեւան պիտի ելլէ»։ Այս առիթով ան կոչ ուղղեց Լիբանանի բոլոր թղթակիցներուն, որ թիկունք կենան ճշմարտութեան եւ սատարեն հայոց դատին յաջողութեան։
Օրուան բանախօս՝ պրն. Նապիհ Ալ Հայէքը ներկաներուն փոխանցեց թուրքերու կողմէ իրագործուած հայոց ցեղասպանութեան դրդապատճառները։
Շարականներով եւ ազգային երգերով հանդէս եկաւ Պուրճ Համմուտի սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին։
Այնուհետեւ, նախագահութեամբ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ մասնակցութեամբ հայ թէ օտար եկեղեցականներուն, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն բիւրաւոր նահատակներուն եւ յատկապէս Այնթուրայի 300 հայ անմեղ որբուկներու դիտաւորութեան։ Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, գերապայծառ տէրը փոխանցեց իր պատգամը։
Ոգեկոչման աւարտին, ներկաները թափօրով եւ շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցան գերեզմանոց, ուր նահատակաց յուշակոթողին վրայ զետեղուեցան մոմեր եւ վարդեր։