Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2011 - Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները կոչ կ՛ուղղեն քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հայրենիքին


Պքերքէ, Լիբանան

Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու 20-րդ համաժողովը (14-17 նոյեմբեր, Պքերքէ - Լիբանան) փակման հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հայրենիքին, հաւատարիմ մնալով իրենց առաքելութեան, համակեցութեամբ ապրելու շրջանի ընկերային ու կրօնական այլ հատուածներուն հետ։ Համաժողովը առաջարկեց միացեալ եւ հովուական համագործակցութիւնը Եկեղեցիներուն միջեւ, որպէս հիմնական հրամայական՝ միասնականութեան։ Հաղորդագրութիւնը շեշտեց ազգային երկխօսութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքին վրայ, կոչ ուղղելով քաղաքական եւ ընկերային բարենորոգումներու գործադրման, ի սպաս խաղաղութեան ու արդարութեան հաստատման։
Համաժողովը հաստատեց նաեւ պաղեստինեան հարցին արդար ու խաղաղ լուծումը, հասնելու համար խաղաղութեան սուրբ Երկրին մէջ, միջազգային օրէնքին եւ բանաձեւերուն համաձայն։  


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ