Պէյրութ, Լիբանան
Հինգշաբթի՝ 30 Օգոստոս 2007ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ ծանօթացման երեկոյ մը, որուն ներկայ էին Արհի.Վարդան Եպս. Աշգարեան, Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան եւ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ շարժումներու եւ միութիւններու պատասխանատուները:
Հայր Նարեկ Լուիսեան նորանշանակ ժողովրդապետին՝ Հայր Վարդան Գազանճեանին ծանօթացուց Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ բոլոր միութիւններն ու շարժումները, որոնք հաւաքուած էին ընթրիքի սեղանի շուրջ:
Օրիորդ Անի Գալէնտէրեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց Հայր Նարեկը եւ իբրեւ գնահատանք եւ յարգանք անոր տարած երեքամեայ բեղուն գործունէութեան, Հայր Վարդան Գազանճեան ժողովրդապետութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը ներկայացուց:
Ապա խօսք առաւ Հայր Լուիսեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով Աւետման ժողովրդապետութեան իւրաքանչիւր միութեան, իւրաքանչիւրին նուիրելով յուշանուէրներ:
Երեկոն ճոխացուցին «Կռունկ» եւ «Կիլիկիա» երգչախումբերը, ապա խօսք առաւ Հայր Վարդան որ նշեց թէ ան շատ ուրախ է այս իր նոր պաշտօնով, եւ թէ Հայր Նարեկին ցանածը պիտի հնձէ: Ան ըսաւ թէ այս վայրկեանը բաժանումի պահ է, սակայն վերսկսելու օր ալ է: Գործակցութեան հրաւէր ուղղեց բոլորին, մանաւանդ երիտասարդութեան: Ան աւելցուց, միայն համագործակցութեամբ է որ կարելի է ապահովել ապագայի վերելքներն ու յաջողութիւնները:
Երեկոն փակուեցաւ անակնկալով մը, երբ յատուկ կարկանդակով մը Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետութիւնը նշեց իր նորանշանակ ժողովրդապետին՝ Հայր Վարդանին քահանայական ձեռնադրութեան 15 ամեակը: