Պէյրութ, Լիբանան
Կիրակի՝ 2 Դեկտեմբեր 2007ին, ԷշրէՖէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Մ.ական պատարագ:
Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր վարդան վրդ.Գազանճեան օրուան քարոզին մէջ շեշտեց Հ.Կ.Մ.ի կարեւոր դերակատարութիւնը ժողովրդապետութեան կեանքէն ներս, դիմագրաւելու բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, միշտ կարչած մնալով Հայ ազգին: Հայր Վարդան աւելցուց ըսելով թէ խորանին լոյսով է որ Հ.Կ.Մ.ը պիտի բարգաիաճի եւ անոր դրօշը պիտի փայլի: Հայր Վարդան նաեւ ներկայացուց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ա. եւ Բ. համագումարներու որոշումները առնուած Սիւնհոդոսի հայրերուն կողմէ Հ.Կ.Մ.ի շուրջ որ նկարագրած է Հ.Կ.Մ.ը որպէս ծառ որ կը մեծնայ եւ կը պատրաստուի պտղաբերումի: Հայր Վարդան երիտասարդները հրաւիրած էր ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագին իբրեւ որոշումներու գործադրութեան սկիզբ որովհետեւ «խորանէն հեռու նոնյիսկ եթէ Հ.Կ.Մ. գոյութիւն ունենայ պիտի չկարենայ փայլիլ եւ նոյն ձեւով ճառագայթել» :
Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ նաեւ ի յիշատակ բոլոր ննջեցեալ Հ.Կ.Մ.ականներուն: