Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «ԲԼԲՈՒԼ» երգչախումբի Ծննդեան համերգ
Լիբանան
Նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, շաբաթ, 9 յունուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Ծննդեան համերգ՝ կատարողութեամբ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Բլբուլ» երգչախումբին եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ հայորդիներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Եղիա Ծ. Վ.
Եղիայեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ կառուցման ոսկեայ յոբելեանին փակման առիթով: Ան յոյս յայտնեց, որ 50 տարի ետք կարելի ըլլայ տօնել եկեղեցւոյ 100-ամեակը, երբ դարձեալ մանուկները սուրբ Ծննդեան երգերով ստեղծեն ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ: Հայր Եղիա Եղիայեան նշեց, որ 50-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շարքին եկեղեցին կազմակերպեց պտոյտ, ճաշկերոյթ, գոհաբանական պատարագներ եւ մշակութային ձեռնարկներ: Իր խօսքի աւարտին հայր Եղիայեան ըսաւ, թէ կարտինալ Աղաճանեանի անունով պիտի կոչուի եկեղեցւոյ համալիրը, քանի որ ենթական կեդրոնի ստեղծման օրերուն ունեցած է մեծ դերակատարութիւն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Բլբուլ» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Երգչախումբը հայերէնով, արաբերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով երգեց սուրբ Ծնունդին նուիրուած երգեր ու շարականներ՝ ստեղծելով տօնական մթնոլորտ մը: Երգչախումբը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երգեց «Գիշերն իջաւ», «Խորհուրդ մեծ», «Անուշիկ սիրունիկ», «Ծնունդի գիշեր» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Երգչախումբին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գէորգ Քէշիշեան (ֆլիւթ թրավերսիէ) եւ Մարինէ Հալաճեան (ջութակ):
Յայտագիրի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հոգեւոր Տէրը, որ նշեց, թէ այս համալիրը, որ շինուած է կարտինալ Աղաճանեանին կողմէ, հայ կաթողիկէ համայնքին փարոսը դարձած է: Հոգեւոր Տէրը բարձրօրէն գնահատեց «Բլբուլ» երգչախումբին կատարումն ու խմբավար Մանուէլ Քէշիշեանի գործունէութիւնը: Այս առիթով ան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց նպաստը բերած են եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայող աշխատանքներուն