Երկուշաբթի, 7 Յունիս 2010 - Սրբազան Քահանայապետը կը յանձնէ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի «աշխատանքի գործիք»ի թղթածրարը


Նիկոսիա, Կիպրոս 

 

Կիրակի
, 6 Յունիս 2010-ին, Կիպրոս իր հովուական այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. յանձնեց Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի «աշխատանքի գործիք»ի թղթածրարը Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն, որոնք պիտի մասնակցին այս յատուկ սիւնհոդոսի ժողովներուն յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին, Հռոմի մէջ։

 

Այս առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը ուղղեց յիշեցնելով նախ սիւնհոդոսի կարգախօսը «հաւատացեալներու հասարակութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր», վկայելով եղբայրակցութեան Քրիստոսի հաւատացեալներուն միջեւ, եւ աւելցուց թէ «Եկեղեցւոյ միութեան էութիւնը կը կայանայ սուրբ Հաղորդութեան մէջ, որ Քրիստոս նուիրեց իր ժողովուրդին»։ Ան շեշտեց թէ «Միջին Արեւելքը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ քրիստոնեաներու սրտին մէջ, որովհետեւ այնտեղ Աստուած երեւցաւ մեր պապերուն, Աբրահամի ուխտէն մինչեւ Յիսուսի խաչելութիւն եւ յարութիւն, ապա աստուածային փրկագործութիւնը շարունակուեցաւ շրջանի ժողովուրդներուն եւ անհատներուն միջոցաւ»։

 

Բենեդիկտոս ԺԶ. պարզեց սիւնհոդոսի հիմնական նպատակները եւ փակեց իր խօսքը աղօթելով առ Աստուած, որ այս յատուկ սիւնհոդոսի աշխատանքները միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնեն քրիստոնեաներու ցաւալի իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէսզի արդար եւ երկարատեւ լուծումներ գտնուին այն պայքարներուն, որոնք մեծ ցաւ կը պատճառեն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ