Հալէպ
Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2012-ին, «Սուրբ Փրկիչ-Սրբուհի Վառվառիա» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով բացումը կատարեց Հաւատքի Տարուան, ներկայութեամբ թեմի քահանաներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Այս սուրբ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ զուգահեռ Վատիկանի մէջ՝ Հաւատքի Տարուան պաշտօնական բացման հանդիսութեան հետ, զոր նախագահեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի օր՝ առաւօտեան։
Արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ hաւատքի նշանակութեան հաւատացեալներու կեանքին մէջ, յիշելով զանազան օրինակներ սուրբ Աւետարանէն։ Ան նշեց հինգ միջոցներ (խորանալ հաւատքի օրէնքին եւ նշանակութիւններուն մէջ, աղօթել եւ անոր կարեւորութիւնը իմանալ, ապաշխարել, ծոմ պահել եւ ողորմութիւնը), որոնք կ’օգնեն հաւատացեալները ամրապնդելու համար իրենց քրիստոնեայ հաւատքը։