Զալքա
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն Վարդան վարդապետ Գազանճեան 18 Մարտին հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Գէորգ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմի անդամներուն հետ` ներկայացնելու համար Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքին հայրապետական պատգամը` քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայ կաթողիկէ վարժարանի առաքելութեան մասին : Ինչպէս ծանօթ է, Հոգեւոր տիրոջ սոյն պատգամը հրապարակուած էր ընթացիկ տարուան Վարդանանց տօնին:
Հայր Վարդան կատարեց հայրապետական պատգամին ներկայացումը` ըստ անոր կառուցուածքին եւ հոգեւոր, ազգային ու կրթական խորքին: Ան կոչ ուղղեց հանդիպման մասնակիցներուն ուշադրութեամբ նկատի ունենալ պատգամէն բխած թելադրանքները` որպէս ուղենիշ եւ մեկնակէտ` ընտանեկան եւ ուսուցչական կեանքին մէջ առկայ խնդիրներուն հանդէպ մօտեցման եւ անոնց լուծման փորձերուն համար:
Հանդիպման երկրորդ մասով, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ պրն. Վարդան Թաշճեան ամփոփ հաղորդում մը կատարեց
գրասենեակի հեղինակած “Հայբառ” համացանցային ծրագրին մասին, որ մօտ ապագային պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի համայն աշխարհի հայութեան: Հաղորդումը ծառայեց ծրագրի գործառոյթին մասին ներկաներուն նախնական ծանօթացում մը շնորհելու նպատակին: