Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2011 - Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի ուրախ վերամուտը

Պուրճ Համուտ

Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան վաղ ժամերէն Մեսրոպեան մանկապարտէզի շրջափակը վերամուտեան եռուզեռ կը տիրէր։ Հոս էին բողբոջ դասարանէն մինչեւ ծաղիկ դասարանի բոլոր աշակերտները, ընկերակցութեամբ ծնողներու, մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու, հարազատներու։ Հոս էին մանկապարտէզի ուսուցչական կազմի անդամները, գլխաւորութեամբ մանկապարտիզպանուհիին, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնը եւ տեսչական կազմի անդամներէն շատեր։
Կը հնչէր ուրախ մանկական երաժշտութիւն, իսկ մանկապարտէզի շրջափակը զարդարուած էր վերամուտ խոշոր պաստառով մը եւ գունաւոր փուչիկներով։
Բոլորին բարի գալուստի խօսք ըսելէ յետոյ, կոկոն դասարանի հայերէնի ուսուցչուհի՝ Օրդ. Շողիկ Եփրեմեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները, մանկապարտիզպանուհիին հետ միասնաբար Տէրունական աղօթքով սկսելու վերամուտը։
Այնուհետեւ մանկապարտէզի բողբոջ դասարանի բոլոր ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ մակապարտիզպանուհիի օգնական՝ Տիկ. Գարոլին Թերզեանի, ներկայացան գեղեցիկ եւ բացառիկ անակնկալով մը։ Անոնք գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ պարեցին եւ երգեցին իրենց աշակերտներուն համար, ընկերակցութեամբ նապաստակին (ուսուցչուհի՝ Օրդ. Թինա Կարապետեան) եւ ծաղրածուին (ծաղիկ դասարանի արաբերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Սոնիա Ապէթեան)։ Ծաղրածուի եւ Օրդ. Դալար Գազանճեանին օգնութեամբ, Օրդ. Շողիկ Եփրեմեան հարց եւ պատասխանի ձեւով, ցուցադրութեան շնորհիւ բացատրութիւններ տուաւ մանապարտէզ յաճախելու կարգ ու կանոնին մասին. ի՞նչ հագուիլ, ի՞նչ բերել դպրոց, ի՞նչ չբերել դպրոց, եւայլն։ Այս ամբողջ ցուցադրութեանը իրենց ուրախ բացագանչութիւններով մասնակցեցան նաեւ նախորդ տարուան աշակերտները, որոնք իր տարբերութիւն նորեկ աշակերտներու լաւ գիտէին այս բոլորը։
Ծաղրածուն բոլոր մանուկներուն շաքար բաժնեց, ինչպէս նաեւ □բարի վերամուտ□ գրութեամբ գունաւոր դրօշակներ։
Այնուհետեւ, ներկայ ծնողներէն կարգ մը ծնողներ խօսք առնելով, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, ինչպէս Մեսրոպեան վարժարանի ուսումնական բարձր մակարդակին համար, նոնպէս ալ իրենց զաւակներուն հանդէպ վարժարանէն ներս գոյութիւն ունեցող ուշադիր եւ հոգածու վերաբերմունքին համար։
Իր կարգին խօսք առնելով, վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, վարժարանին ընծայած բարձր վստահութեան համար։ Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի պատասխանատուներուն եւ ուսուցչուհիներուն այս գեղեցիկ օրը մանուկներուն պարգեւելու համար։ Ան վստահեցուց, որ հոս ճիգ չի խնայուիր, հայ մանուկը ուրախ եւ երջանիկ պահելու համար։
Վերամուտի այսպէս կոչուած ուրախ ձեռնարկը աւարտած էր եւ բոլոր փոքրիկները առաջնորդութեամբ իրենց ծնողներուն ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները, սկսելու համար 2011-2012 ուսումնական տարին։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ