Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին քարոզը Հաւատքի Տարուան բացման արարողութեան


Վատիկան


Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2012-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը բացումը կատարեց Հաւատքի Տարուան, որ կþընթանայ մինչեւ 24 նոյեմբեր 2013։

Այս առթիւ, իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց «վերակենդանացնելու Քրիստոսը՝ ժամանակակից մարդկութեան հռչակելու ցանկութիւնը»։ Ան անդրադառձաւ 1962-ի վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի աշխատանքներուն, վերյիշելով տիեզերական Եկեղեցւոյ պատմական զանազան հանգրուանները, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Սրբազան Պապի 1967-ին հռչակած Հաւատքի Տարիէն մինչեւ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 2000-ի Յոբելինական Տարին։

Ապա, սրբազան պապը յայտնեց, որ Եկեղեցին այսօր կþառաջարկէ Հաւատքի Տարին եւ նոր աւետարանացումը, ոչ թէ միայն նշելու համար «Վատիկանեան Ժողովին տարեդարձը», այլ՝ որովհետեւ այսօր եւս պահանջքը կայ հաւատքի եւ նոր աւետարանացումի։ Ան ըսաւ, որ «պէտք է որ վերագտնենք հաւատքի գեղեցկութիւնը եւ անոր կենսական կարեւորութիւնը մեզի համար։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ, շատ են այն երեւոյթները, որոնք ցոյց կու տան Աստուծոյ հանդէպ ծարաւը»։

Սրբազան Պապը ընդգծեց, թէ ապրուած հաւատքը սրտերը կը բանայ ընկալելու Աստուծոյ շնորհքները, որոնք կþազատագրեն մարդիկը յոռետեսութենէն։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց քրիստոնեաները, Նոր Աւետարանացման ներկայ նոր մղումը ապրելու Հաւատքի տարուան ընթացքին, Եկեղեցւոյ միջոցաւ միմիայն, խորանալու համար հաւատքին մէջ, զոր Քրիստոս հաղորդեց Եկեղեցւոյ։   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ